Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (մահ՝ 18 Փետրուար, 1921)

Խմբապետ Համազասպ մաս կազմեց Հայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր ապրած ու մեռած հերոսներու փաղանգին։
Համազասպ Սրուանձտեանց եղբօրորդին էր նշանաւոր եկեղեցական, բանահաւաք ու գրագէտ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի (1840-1892)։ Ծնած է Վան, 1873ին։ Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, սորված է ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն։
Շուտով մխրճուած է յեղափոխական շարժման մէջ, նախ՝ իբրեւ Արմենական Կազմակերպութեան, ապա՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամակցելով։ Թուրք իշխանութիւններու հալածանքէն փախուստ տալով, ձգած է Վանը ու մեկնած Երեւան ու Շուշի։ Մասնակցած է հայ-թաթարական կռիւներուն (1905-1907), յատկապէս նշանաւոր դառնալով Ասկերանի արիւնոտ մարտին (22 Օգոստոս, 1905)։ Համազասպ կազմակերպած է Գանձակի հայերու ինքնապաշտպանութիւնը թաթարական յարձակումներուն դէմ։
Անձնուէր մարտիկը ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան կողմէ 1908ին եւ մահուան դատապարտուած։ Սակայն, անոր դատավճիռը փոխուած է 15 տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ Սիպերիոյ մէջ։ Բանտէն փախուստ տալով 1913ին, մեկնած է Եւրոպա, ուրկէ անցած է Պոլիս։ Օգոստոս 1914ին մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին, ուր կտրուկ կերպով մերժած է Երիտասարդ Թուրքերու հետ որեւէ համագործակցութիւն։
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Համազասպ գլխաւոր դէմքերէն էր հայ կամաւորական շարժումին` իբրեւ երրորդ գունդի հրամանատար։ Մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու կովկասեան ռազմաճակատին վրայ եւ ապահոված է Բասէնի ու Ալաշկերտի գաղթականութեան անցքը դէպի Արեւելեան Հայաստան։ Մայիս 1915ին Վան ազատագրող կամաւորներու շարքին էր ան։
Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Համազասպ նշանակուած է Ալաշկերտի զինուորական ոստիկանութեան հրամանատար եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ կովկասեան ճակատի ռուսական զօրքերու պարպումը՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք։ Այնուհետեւ մեկնած է Պաքու, ուր կռուած է Պաքուի կոմունային համար իբրեւ հայկական ջոկատի ղեկավար։ Յամառ մարտերով, շուրջ չորս ամիս դիմադրած է օսմանեան զօրքերու յառաջխաղացքին։ Պաքուի անկումէն ետք (Սեպտեմբեր 1918) անցած է Պարսկաստան։
Վերադառնալով Հայաստան, Համազասպ նշանակուած է Նոր Բայազէտի շրջանի զօրագունդերու հրամանատար եւ մասնակցած է Մայիսեան ապստամբութեան եւ թաթարական խռովութիւններու ճնշումին։ Խորհրդային վարչակարգի հաստատումէն ետք (Դեկտեմբեր 1920), Երեւան հրաւիրուած է Յեղկոմի ռազմական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի կողմէ ու բանտարկուած։
Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակի նախօրեակին, 21 բանտարկեալներ գնդակահարուած են 16-17 Փետրուար, 1921ի գիշերը, եւ քանի մը տասնեակ եւս գնդակահարուած կամ կացինահարուած են յաջորդ գիշերը։ Փետրուար 18ի առաւօտուն, Երեւանը ազատագրուած էր, Յեղկոմը փախուստ տուած էր եւ հարիւրաւոր կալանաւորներ իրենց կեանքը ազատած էին։ Սակայն, նոյն գիշերը, տեղի ունեցած է Երեւանի բանտին մէջ բոլշեւիկեան վայրագութեան զոհերու ինքնութեան ճշդումը։։ Անոնց շարքին էր Համազասպ Սրուանձտեանց, որ սպաննուած էր Փետրուար 17-18ի լուսցող գիշերը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ).