Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԵՐԻՑԵԱՆ (մահ՝ Փետրուար 21, 1902)

Հայագիտութեան մէջ, Ալեքսանդր Երիցեանի անունը անոնցմէ է, որ գրեթէ բոլորովին անծանօթ մնացած է կամ պարզապէս վերածուած՝ մատենագիտական քանի մը տեղեկութիւններու, թէեւ ան եղած է ռահվիրայ մը տարբեր կալուածներու մէջ։
Երիցեան ծնած է Հոկտեմբեր 24, 1841ին, Թիֆլիսի մէջ, ցարական կառավարութեան պարզ պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ։ Ուսումը սկսած է Ներսէսեան վարժարանին մէջ, 1851ին, բայց շուտով լքած է զայն։ 1854ին մտած է քաղաքի ռուսական գիմնազիոնը, բայց վեցերորդ դասարանին ձգած է՝ թոքատապի պատճառով։ Բարձրագոյն կրթութեան պակասը արգելք չէ եղած, որ ինքնակրթութեամբ ժամանակի հմուտ եւ բանիմաս անձնաւորութիւններէն մէկը դառնար։
Մտած է կառավարական ծառայութեան մէջ, իսկ կողմնակի կերպով զբաղած է գրականութեամբ։ Առաջին հերթին, հինգ տարի ծառայած է Կովկասի փոխարքայի պալատին, ապա նահանգային դիւանատան եւ գլխաւոր վարչութեան մէջ՝ այլ պաշտօններու շարքին։ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, Երիցեան նշանակուած է զօրավարներ Լորիս-Մելիքովի եւ Շէլկովնիկովի յատուկ յանձնարարութիւններու պաշտօնեայ։ Պատերազմէն ետք, 1880ական թուականներուն, պետական գոյքերու նախարարութեան մէջ աշխատած է։ Մասնակցած է Անդրկովկասի պետական գիւղերը ցուցակագրելու եւ նկարագրելու ընդարձակ ծրագրի մը մէջ, հետազօտելով Ղազախի (այժմ՝ Իջեւան) գաւառը։
Պաշտօնական աշխատանքէն դուրս, Երիցեան նուիրուած է պատմութեան, ու հայոց պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններով զբաղած է։ Յատուկ հետաքրքրութիւն ունեցած է հնագիտութեան նկատմամբ, եւ 1871-1872ին պեղումներ կատարած է Ոռնակի գիւղի հին դամբարանադաշտին մէջ, Տեպետ/Դեբեդ գետի ձորին մէջ։ Պեղած է բազմաթիւ դամբարաններ եւ գտած՝ իրեր, դանակներ, նիզակներ, ապարանջաներ, եւ այլն։ Իր գիւտերը հրատարակած է ռուսական «Կաւկազկայա սթարինա» թերթին մէջ, զոր խմբագրած է 1872-1874ին։ Առաջին անգամ ըլլալով, ենթադրած է պրոնզէ երկու տարբեր դարաշրջաններու գոյութիւնը Անդրկովկասի մէջ։
Երիցեան նաեւ գրած է հին ու միջնադարեան պատմութեան մասին, բայց գլխաւորաբար շահագրգռուած էր արդի շրջանով։ Կազմած է Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան վիճակագրութիւններ (1881) եւ լայնօրէն գրած՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին։ Կազմած է փաստաթուղթերու քառահատոր հաւաքածոյ մը, զոր չէ կրցած հրատարակել նիւթական պայմաններու բերումով, եւ որ մահէն ետք փճացած է, արժէքաւոր փաստաթուղթերու հետ, 1917-1920 շրջանին։ Ան նաեւ հրատարակած է Վենետիկի Մխիթարեաններու մասին մենագրութիւն մը (1883), Գրիգոր Արծրունիի լրագրական գործունէութեան մասին հատոր մը (1890) եւ Ներսիսեան դպրոցի պատմութիւնը (1898), այլ գիրքերու շարքին։
Իր գործին հետ կապուած յաճախակի ճամբորդութիւնները Երիցեանի արդէն փխրուն առողջութիւնը տկարացուցած են եւ 1888ին ստիպուած է լքել պետական ծառայութիւնը։ Կեանքի վերջին 14 տարիները անցուցած է տան մէջ փակուած ու գրական գործերով զբաղած։ Պատմաբանը մահացած է Փետրուար 21, 1902ին, 61 տարեկանին։ Թաղուած է Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Րաֆֆի գերեզմանին մօտ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).