Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ (մահ՝ Մայիս 2, 1965)

Մեծ Եղեռնէն վերապրող՝ գրագէտ Հրաչեայ Քոչար, ստալինեան ժամանակաշրջանի պաշտօնական ձայներէն մէկը հանդիսացած է, բայց իր կեանքի վերջաւորութեան, ազգային զարթօնքի ալիքէն տարուած, իր գրական արտադրութեան ամենէն մնայուն գործերը արտադրած է։
Բուն անունով՝ Հրաչեայ Գաբրիէլեան, ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Բագրեւանդ գաւառի Գումլուպուճախ գիւղը, որ կը գտնուէր Նպատ լերան ստորոտին, Փետրուար 1, 1910ին։ 1916ին մայրը մահացած է գաղթի ճամբուն, իսկ 1918ին՝ հայրը, որ խմբապետ էր Անդրանիկի հետ։ Ապագայ գրագէտը համագիւղացիներուն հետ անցած է Արեւելեան Հայաստան, ապաստան գտնելով Վաղարշապատի գաւառի գիւղերուն մէջ։ Գառնարած եղած է ու հանքափոր՝ Ալավերդիի պղինձի հանքերուն մէջ։ 1927ին տեղափոխուած է Երեւան եւ ուսանած՝ պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղին մէջ։
Որդեգրելով հօր անունը՝ Հրաչեայ Քոչար ստորագրութեամբ, առաջին պատմուածքը` «Խաջէ», լոյս տեսած է 1931ին «Նոր ուղի» ամսագրին մէջ։ 1934ին Քոչար խմբագրած է քրտերէն «Ռիա թազա» թերթը։ Նոյն տարին Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է եւ հրատարակած է իր առաջին գործը՝ «Վահան Վարդեան» վէպը, որուն հետեւած է երկրորդ վիպական գործ մը «Օգսէն Վասպուրի ճանապարհորդութիւնը» (1937)։
Ստալինեան բռնաճնշումներու օրերուն, 1936-1937ին Քոչար իր գրչակիցներուն դէմ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է՝ հետագային գնդակահարուած ու աքսորուած զանազան գրագէտներ իբրեւ ազգայնական ամբաստանելով։ Հեգնականօրէն, 1955ին, ան գլխաւորած է ստալինականութեան զոհերու արդարացումը քննող յանձնաժողովը։
Յունիս 1941 գրագէտը իբրեւ կամաւոր՝ ռազմաճակատ մեկնած է եւ 1941-1945ին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ, մասնակցելով Բ. Աշխարհամարտին։  Հրատարակած է ռազմաճակատէն գրուած ակնարկներու հատորներ։ Այդ գործերուն շարքին, ամենէն նշանաւորը եղած է «Գեներալի քոյրը» պատմուածքը, որ առաջին անգամ տպուած է 1945ին «Փրաւտա»յի մէջ, եւ այնուհետեւ թարգմանուած է 24 լեզուներու։ Այս գործերը նախապատրաստած են «Մեծ տան զաւակները» երկհատոր վէպը (1952)։
Պատերազմէն ետք ներգրաւուելով քաղաքական եւ հանրային կեանքին մէջ, գրելու զուգընթաց՝ Քոչար հրապարակագրութեամբ զբաղած է: 1946-51ին եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան վարչութեան քարտուղար եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագիր, իսկ 1954-ին «Ոզնի» երգիծական հանդէսի խմբագիրն էր։ 1956ին Գրած է «Հիւսիսային ծիածան» (Հայֆիլմ, 1961) շարժանկարի բեմագիրը։ Պարգեւատրուած է Կարմիր աստղի շքանշանով։
Կեանքի վերջին տարիներուն, գրական ու բանաւոր ելոյթներով, Քոչար սկսած է զբաղիլ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի մօտալուտ ոգեկոչման հարցերով։ Վերջին յօդուածը՝ այդ առիթով, լոյս տեսած է Ապրիլ 24, 1965ին։ Արդէն հիւանդ գրագէտը մահացած է ութը օր ետք՝ Մայիս 2, 1965ին։ Նոյն տարին, յետմահու, լոյս տեսած է վերջին հատորը՝ «Սպիտակ գիրքը», որ կը պարունակէ ամենէն մնայուն գործերը՝ «Նահապետը» եւ «Կարօտ» վիպակները, որոնք Մեծ Եղեռնի վերապրողներու մասին են։ Առաջինին համար, յետմահու, ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը (1967)։ Երկուքն ալ վերածուած են շարժանկարի՝ 1977ին եւ 1990ին։