Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

Նշան Գրիգորեան (մահ՝ 21 Մայիս, 1978)

Իր ժամանակի ամենամեծ ու շքեղ, «անխորտակելի» նաւ յայտարարուած «Թայթանիք»ի ու իր հայ ճամբորդներուն պատմութիւնը բազմաթիւ անգամ պատմուած է։ Անոր վերապրողներէն մէկուն՝ Նշան Գրիգորեանի շուրջ, առասպելի ու իրականութեան խառնուրդ մը կը տիրէ տակաւին։
Գրիգորեան ծնած է Քղի (Կարնոյ նահանգ), 1886ին (*)։ Հազիւ քսանամեայ, հայրը զինք մղած է գաղթելու դէպի Ամերիկա։ Քղեցի հինգ հայրենակիցներու հետ, եօթ օր քալած է մինչեւ Տրապիզոն. այդտեղէն ճամբորդած են Մարսէյլ եւ իրենց երրորդ կարգի տոմսակը գնած՝ «Թայթանիք»ի մէջ, որ Շէրպուրկէն կը մեկնէր դէպի Ամերիկա իր առաջին ուղեւորութեամբ՝ 2.200 ճամբորդներով։ Անոնք կղպանքի տակ դրուած են իրենց նաւասենեակներուն մէջ, որովհետեւ օրէնքները կը պահանջէին, որ երրորդ կարգի ճամբորդները մեկուսանային առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներէն։
Հինգերորդ երեկոյեան՝ Ապրիլ 14ի գրեթէ կէս գիշերին, նաւը հսկայական սառցալերան մը զարնուելով, սկսած է դանդաղօրէն ընկղմիլ։ Գրիգորեան եւ այլ տղամարդիկ շղթայի մը կղպանքը կոտրած են՝ վերի յարկերը հասնելու համար։ Երիտասարդ հայը յաջողած է վերջին՝ թիւ 10 մակոյկը հասնիլ, որ կէս լեցուն կերպով ծով կ՚իջեցուէր, ու անոր մէջ ցատկել։ Միայն 712 ուղեւորներ փրկուած են, որոնցմէ աւելի քան 500-ը առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներ էին։ Երրորդ կարգի 709 ճամբորդներէն միայն 176 հոգի (55 տղամարդիկ, 98 կին եւ 23 մանուկ) փրկուած են։ Անոնց շարքին էր Նշան Գրիգորեան։ Իր հայրենակիցներէն միայն 20 կամ 22ամեայ Դաւիթ Վարդանեանն ալ փրկուած է։
«Քարփաթիա» նաւը բարձրանալով, Գրիգորեան տարուած է Նիւ Եորք, ուր հասած է Ապրիլ 18ին։ Թոքատապէ բռնուելով, չորս օր հիւանդանոց մնացած է։ Վերջապէս հասնելով իր գացած վայրը՝ Պրէնթֆըրտ (Օնթարիօ), երկու շաբաթ կրկին հիւանդանոց մնացած է։
Չափազանցուած ու հնարովի պատմութիւններ եղած են։ Պրէնթֆըրտի թերթ մը հրատարակած է զգայացունց յօդուած մը՝ կնոջական հագուստով ծպտուած ու ինքզինք փրկած հայուն մասին։ Գրիգորեանի՝ գիւղական հայ մարդու հագուածքը, պատճառ դարձած է նման շփոթի մը (**)։
1918ին, ան հաստատուած է Սէնթ-Քէթրինզ քաղաքը, դարձեալ Օնթարիոյի մէջ։ Տեղւոյն «Ճենըրըլ Մոթըրզ»ի երկարամեայ գործաւոր եղած է ու բաւարար դրամ խնայած՝ իր երկու կրտսեր եղբայրները Գանատա բերելու համար։ Ան նաեւ Գանատայի առաջին հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկը եղած է Սէնթ Քէթրինզի մէջ։ 1924ին, ամուսնացած է Բերսաբէ Վարդանեանին հետ եւ ունեցած՝ երեք զաւակներ։ Երբեւէ նաւ չէ նստած նորէն եւ ոչ ալ լողացած է, ինչ որ կը վկայէ անոր ապրած փորձառութեան ու հոգեբանական խոցին մասին։
Նշան Գրիգորեան մահացած է Սէնթ Քէթրինզի մէջ, 21 Մայիս, 1978ին։
———
(*) Titanica հանրագիտարանը ծննդեան թուականը կը գրէ Մայիս 12, 1886 եւ կը լուսաբանէ, որ մահուան վկայականը կ՚ըսէ Դեկտեմբեր 1, 1886, մինչ «Թայթանիք»ի ճամբորդներու ցուցակը տարիքը 25 կը յիշատակէ։ Սակայն, գերեզմանաքարին վրայ փորագրուած է Դեկտեմբեր 15, 1890։
(**) Այլ մարդոց մասին տարաձայնութիւններ եղած են, թէ ծպուած են կիներու հագուստով՝ նաւէն փախուստ տալու համար։ Այս առասպելը փաստացի ձեւով հերքուած է Snopes (www.snopes.com) կայքէջին մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).