Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐԼԻՆ ՖՐԷՆՍԻՍ ( մահ՝ Մայիս 31, 2001 )

Ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի ռահվիրայ Արլին Ֆրէնսիս 1950ական «Միացեալ Նահանգներու երրորդ ամենէն ծանօթ կինն» էր, ըստ «Նիւզուիք» եւ «Թիվի Կայտ» պարբերաթերթերուն, եւ խաղի յայտագիրներու ամենաշատ դրամվաստակող անձը։
Արլին Ֆրէնսիս Գազանճեանի (Arline Francis Kazanjian) մեծ հայրերը սպաննուած են 1895-1896ի համիտեան ջարդերուն, երբ անոր 16ամեայ հայրը՝ Արամ Գազանճեան, արուեստ կ՚ուսանէր Փարիզի մէջ։ Գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, դարձած է դիմանկարող լուսանկարիչ, իր արուեստանոցը բանալով Պոստընի մէջ, ուր ամուսնացած է Լիա Տէյվիսի հետ։ Ապագայ դերասանուհին ծնած է Հոկտեմբեր 20, 1907ին, Պոստընի մէջ։ Եօթ տարեկանին, ընտանիքը փոխադրուած է Նիւ Եորք։
Ուսումը Ֆինչ գոլէճի մէջ ստանալէ ետք, հայրը իր աղջկան արգիլած է թատերական ճիւղին հետեւիլ։ Սակայն, շուտով ան փոխած է անունը, դառնալով Arlene Francis, եւ նետուած է թատերական ասպարէզին մէջ։ Իր բնական ձիրքերը բազմաթիւ դերեր պարգեւած են ձայնասփիւռի թատերական հաղորդաշարքերու մէջ, որոնցմէ շատերը միաժամանակ կը տրուէին։ 1938-1949 առաջին անգամ խաղերու յայտագրի (“What’s My Name”) վարիչ եղած է ձայնասփիւռի մէջ։ Ուրիշ յայտագիր մը՝ “Blind Date”, զոր սկսած է 1943ին ձայնասփիւռի մէջ, 1949-1952 շարունակուած է հեռատեսիլի մէջ, եւ Արլին Ֆրէնսիս եղած է առաջին կինը, որ երբեւէ վարած է հեռատեսիլի խաղի յայտագիր մը Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ան հռչակաւոր դարձած է իբրեւ շաբաթական “What’s My Line” խաղի յայտագրի չորս մասնակիցներէն մէկը, ուր կանոնաւորապէս երեւցած է 1950-1975։ «Նիւզուիք» հայազգի դերասանուհին կոչած է «հեռատեսիլի առաջին տիկինը»։ Իր ասպարէզի գագաթնակէտին, ան միաժամանակ երեք շաբաթական յայտագիրներու ներկայ էր՝ երեք հեռատեսիլի կայաններուն մէջ։ 1950-1960ական թուականներ շարունակած է աշխատակցիլ ձայնասփիւռին, ուր 1961-1990, հարցազրոյցներու մէկ ժամուան յայտագիր մը վարած է։
Ան առաջին կիներէն եղած է, որ հեռատեսիլի յայտագիր մը վարած է, որ ո՛չ երաժշտական եւ ո՛չ ալ թատերական էր։ 1954-1957, վարած է յատկապէս կիներու ուղղուած լրատուական առաջին յայտագիրը (“Home”), NBC կայանին վրայ։
Պրոտուէյի մէջ, թէ դուրս՝ բազմաթիւ թատերախաղերու մէջ դեր ստանձնած է, ներառնելով Պրոտուէյի 25 թատերախաղեր, մինչեւ 1975։ Նաեւ խաղացած է Հոլիվուտի քանի մը շարժանկարներու մէջ, 1932-1978ին։
1978ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը, որմէ առաջ լոյս ընծայած է ինքնօգնութեան հատոր մը՝ «Այդ որոշ բանը. գրաւչութեան կախարդանքը» (1960) եւ խոհանոցի բաղադրատոմսերու հատոր մը՝ «Եփելու ժամանակ չկայ» (1961)։ Ամուսնացած է երկու անգամ։ Երկրորդ ամուսնութենէն ծնած որդին՝ Փիթըր Կէյպըլ, հիմնած է «Արլին Ֆրէնսիս» կեդրոնը Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը։
1993ին Արլին Ֆրէնսիս Նիւ Եորքէն փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ծերանոց մը, ուր մահացած է Մայիս 31, 2001ին, 93 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Թրեվոզի մէջ (Փենսիլվէնիա)՝ Ֆիլատելֆիայէն 20 մղոն հեռու դէպի հիւսիս-արեւելք։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).