Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՋՈՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (մահ՝ 20 Յունիս, 1985)

1965-1985ին, Ջոն Կիրակոսեան դարձած է Հայկական Հարցի եւ Մեծ Եղեռնի ամենէն յայտնի ուսումնասիրողներէն մէկը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մինչ այդ արգիլուած կամ չխրախուսուած նիւթերու ուսումնասիրութեամբ։
Ծնած է Մայիս 6, 1929ին, Երեւանի մէջ։ Երկրորդական դպրոցը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղը, զոր աւարտած է 1951ին։ 1951-1954 իր դոկտորական ուսումնառութիւնը կատարած է Մոսկուա՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիային Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, ուր մասնագիտացած է արեւելեան երկիրներու նոր պատմութեան բնագաւառին մէջ։ 1954ին պաշտպանած է իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ Իրանի մէջ 1918-1921 անգլիական ռազմական միջամտութեան մասին։
Վերադառնալով Հայաստան, Կիրակոսեան կուսակցական ու պետական աշխատանքներ ստանձնած է յաջորդ երեսուն տարիներուն. «Լենինեան ուղիով» ամսագրի քարոզչութեան բաժնի վարիչ (1955-1962), Հայաստանի Համայնավար Կուսակցութեան (ՀՀԿ) Կեդրոնական Կոմիտէի քարոզչութեան բաժնի վարիչի տեղակալ (1962-1966), Հայաստանի Նախարարներու Խորհուրդի հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի նախագահ (1966-1969), ՀՀԿ Կեդր. Կոմիտէի գիտութեան եւ ուսումնական հաստատութեան բաժնի վարիչ (1969-1975), իսկ կեանքի վերջին տասնամեակին՝ 1975-1985ին, Հայաստանի Արտաքին Գործերու նախարար։ 1967էն սկսեալ, Ջոն Կիրակոսեան դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, տարի մը՝ պատմութեան ճիւղին մէջ, իսկ այնուհետեւ աշխատանքի անցած է արեւելագիտութեան նոր հիմնուած ճիւղը իբրեւ դասախօս եւ ապա՝ Արեւելքի երկիրներու պատմութեան ամպիոնի վարիչ։
1960ական թուականներու ազգային զարթօնքին մէջ Ջոն Կիրակոսեան իր բուն կոչումը գտած է իբրեւ Հայկական Հարցի ու ցեղասպանութեան պատմութեան մասնագէտ։ 1964ին, պատմաբաններ Ծատուր Աղայեանի եւ Յովհաննէս Ինճիկեանի հետ, ստորագրած է զեկուցագիր մը, ուր Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի ոգեկոչման նախագիծը ներկայացուած է։ Կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեան ընդունած է այս նախագիծը եւ ապա յաջողած է զայն վաւերացնել Մոսկուայի մէջ, գործադրութեան դնելով 1965ի ընթացքին, ներառեալ՝ յուշարձանի շինութիւնը։
Գրած է իր ժամանակաշրջանի համար երեք կարեւոր աշխատութիւններ։ «Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ արեւմտահայութիւնը» (1965) երկրորդ հրատարակութիւնը ունեցած է 1967ին եւ ռուսերէնի թարգմանուած՝ 1971ին։ Անոր յաջորդած է «Բուրժուական դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանը» երկհատոր աշխատութիւնը (1978, 1980)՝ 1870ական եւ 1880ական թուականներու ընդգրկումով (առաջին հատորը ռուսերէնի թարգմանուած է 1981ին), եւ վերջապէս՝ «Երիտթուրքերը պատմութեան դատաստանի առաջ» նոյնպէս երկհատոր աշխատութիւնը (1982-1983), որ անգլերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է 1992ին՝ յետմահու։ Խմբագրած է «Հայաստանը միջազգային դիւանագիտութեան եւ սովետական արտաքին քաղաքականութեան փաստաթղթերում» մեծածաւալ հատորը (1972)։ Կիրակոսեան յետմահու արժանացած է Հայաստանի պետական մրցանակին իր աշխատութիւններուն համար։
Սրտի հիւանդութեան բերումով, մահացած է Մոսկուա, 20 Յունիս, 1985ին։ Իր որդին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան երբեմնի դեսպան Արման Կիրակոսեան (1956-2019), շարունակած է հօր վաստակը Հայկական Հարցի ուսումնասիրութեան մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ  ( www.armenianprelacy.org ).