Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԲԱԲԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 17 Նոյեմբեր, 1886)

Ազգային եռանդուն գործիչ բժ. Արտաշէս Բաբալեան դարասկիզբի հանրային կեանքի աւելի քիչ ծանօթ դէմքերէն է, որ սակայն իր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն։
Ծնած է 17 Նոյեմբեր, 1886ին, Շուշիի մէջ (Արցախ)։ Ուսումը ստացած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ։ Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատանեկան խումբերուն, այնուհետեւ՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է կուսակցութեան մէջ։ 1905-1907ի հայ-թաթարական կռիւներուն ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին մէջ։
1907-1912ին Բաբալեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ժընեւի համալսարանի (Զուիցերիա) բժշկական ճիւղին մէջ։ Ժընեւի մէջ շարունակած է կուսակցական գործունէութիւնը, անդամակցելով «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմին եւ աշխատակցելով «Դրօշակ»ին։ 1912ին վերադարձած է Շուշի եւ ապա մեկնած՝ Ս. Փեթերպուրկ, ուր աշխատած է իբրեւ բժիշկ ու պատրաստուած՝ բժշկական պետական քննութիւն յանձնելու համար։ 1913ին մասնակցած է Հ. Յ. Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին (Կարին) իբրեւ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդի պատուիրակ։
Պետական քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Բաբալեան բժշկական գործով հաստատուած էր Խարկով, երբ Ա. Աշխարհամարտը պայթեցաւ։ 1915ին մեկնած է Կովկաս, ուր մտած է Խանասորի Վարդանի (Վարդան Մեհրապեան) գլխաւորած հայ կամաւորական գունդին մէջ որպէս բժշկապետ։ Գունդին հետ հասած է Վան, ուր Մայիս 1915ին քաղաքի ազատագրումէն ետք հիւանդանոցներ կազմակերպած է եւ նշանակուած՝ ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ եւ քաղաքապետութեան անդամ։ Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերուն շնորհիւ հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգդիր տեղափոխուած են։ Այս գործունէութիւնը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար, արժանացած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան» խաչի շքանշանին ու մետալին։
Բաբալեանի հանրային գործունէութիւնը անդադար պիտի շարունակուէր յաջորդ հինգ տարիներուն։ Գաղթականներու խնամատարութեամբ զբաղելէ ետք կարճ ժամանակով Էջմիածնի մէջ, 1916-1917ին Վան գտնուած է՝ հոն վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Մեկնելով Թիֆլիս, ընտրուած է Հայոզ Ազգային Խորհուրդի անդամ եւ Համառուսական Քաղաքներու Միութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնած է։
1918ի ամրան նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է։ Աւելի ուշ, ճամբորդած է Պոլիս, ուր միացած է Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան իբրեւ կառավարական խորհրդական։ 1919ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ Հ. Յ. Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։ Հոկտեմբեր 1919էն մինչեւ Մայիս 1920 հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարար եղած է, իսկ Մայիս-Հոկտեմբեր 1920ին՝ փոխնախարար։ Մայիս 1920ին մասնակցած է բոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշման Ղարաքիլիսէի մէջ, իսկ Սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ՝ կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով։ Թուրքերու գերի ինկած է Կարսի անփառունակ անկումին՝ 30 Հոկտեմբեր, 1920ին, իսկ 1920-1921ին արգելափակուած է Կարսի եւ Կարնոյ մէջ։
Հոկտեմբեր 1921ին ազատ արձակուելով, անցած է Թաւրիզ, ուր աւելի ուշ իրեն միացած են կինն ու զաւակները։ 1924ին տեղափոխուելէ ետք Զանջան, 1924ին հաստատուած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան, ուր 1928-1938ին բաժնի վարիչ եղած է «Փահլաւի» ռազմական հիւանդանոցին մէջ։
1930ական թուականներուն իր որդիներուն ողբերգական մահերէն ետք, Բաբալեան ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն՝ իր վիշտը փարատելու համար։ 1943 Սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերը մտած են Իրան եւ Բաբալեան ձերբակալուած է։ Յունիս 1945ին ազատ արձակուելով, շարունակած է իր հանրային գործունէութիւնը, ընտրուելով տարբեր պաշտօններու՝ եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական Ժողովի անդամ եւ Թեմական Խորհուրդի փոխնախագահ, ապա՝ նախագահ։
Իր մահկանացուն կնքած է Օգոստոս 1, 1959ին, Թեհրանի մէջ։ Նոյն տարին հրատարակուած են իր յուշերը Գահիրէի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)