Առաջնորդարանէն

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 22՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ շրջաբերականով հաղորդած է թեմակալ առաջնորդներուն եւ ազգային իշխանութեանց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Արմէն Սարգսեան, խորհրդակցաբար երկու Վեհափառ Հայրապետներուն հետ, Կիրակի, 22 Նոյեմբերը յայտարարած է որպէս Արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու  յիշատակի օր։

Առ այդ, Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետի հրահանգը մեր բոլոր ծուխերուն, այս Կիրակի, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ ի յառաջագունէ իմացուցած է որ, ի հետեւումն տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած աւանդութեան, 2021 թուականը Արցախի Տարի կը հռչակէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *