Պսակաձեւ ժահրը պարտադրեց Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ աւանդական “Armenian Fest” փառատօնի ձեւաչափի փոփոխութիւնը, բայց ժողովուրդի քաջալերանքն ու համադամ ուտելիքները մնացին անփոփոխ։ Շաբաթներով, ծխականները եփեցին ու պատրաստեցին սովորաբար ծախուող կերակուրներուն եւ անուշեղէններուն միայն մէկ մասը, իսկ աշխատող ձեռքերը պակսած էին այս տարի՝ ապահովութեան նկատառումներով, բայց ուտելիքներու քանակն ու որակը դարձեալ յատկանշական էին։
Եկեղեցւոյ կողքի Արմենիա փողոցը եւ կառավայրը օգտագործուեցան ուտելիքներու բաշխումին համար։ Բոլոր ապսպրանքները կատարուած էին առցանց՝ ձեռնարկէն առաջ։ Օրուան վերջաւորութեան, աւելի քան 500ի չափով ճաշ սպասարկուեցաւ, ինչպէս եւ հարիւրաւոր անուշեղէններու տեսակներ։