Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՀՐԱՒԷՐ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (6 Դեկտեմբեր, 2020)

Այսօր` Յիսնակաց երրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանական ընթերցումը, Ղուկասու Աւետարանէն է: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, առիթով մը հրաւիրուած ըլլալով ճաշի, կը խօսի հրաւիրելու ճշմարիտ ըմբռնումին մասին: Ի լուր իր խօսքին,  սեղանակիցներէն մէկուն հիացական բացագանչութեան վրայ, թէ «Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ», Յիսուս այս անգամ առակ մը կը պատմէ, ըստ որուն` օր մը հարուստ մը ճաշկերոյթի կը հրաւիրէ ծանօթներ, որոնք տարբեր պատճառներով կը հրաժարին: Տանտէրը նոր հրաւիրեալներով կը շարունակէ  կոչունքը (Ղկ 14.12-24):

Մեր Տէրը, Աստուծոյ արքայութիւնը աւելի հասկնալի դարձնելու համար իր ունկնդիրներուն, առանց վարանման, կեանքի տարբեր կալուածներէ օրինակներ վերցնելով, դիւրամատչելի ըրած է իր ուսուցումը: Այսպէս, զայն նմանցուցած է մանանեխի հատիկի (Ղկ 13.18), թթխմորի (Ղկ 13.20-21), ծածկուած գանձի (Մտ 13.34), վաճառականի (Մտ 13.45), ձկնորսի մը ուռկանին (Մտ 13.47), թագաւորի մը (Մտ 23.22), տանտէրի  մը (Մտ 25.1), անմեղ մանուկի  մը (Ղկ 18.16), տասը կոյսերու (Մտ 25․է): Նոյնիսկ երկնքի արքայութիւն մտնելու համար բաղդատական ըրած է ասեղի ծակէն հարուստի եւ ուղտի անցնելուն: Իսկ վերջին ընթրիքին, գիտենք թէ հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց, «Կ’ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ, մինչեւ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ»(Ղկ 22.1):

Օրինակներով խօսելու այս մեթոտը ո՛չ մէկ կասկած որ յաջողագոյն ձեւն է ունկնդրին ուշադրութիւնը գրաւելու, հասկնալի եւ համոզիչ դարձնելու համար անծանօթ պարագայ մը: Պօղոս Առաքեալ այս նոյն մօտեցումով խօսեցաւ Աթենացիներուն՝ «անծանօթ աստուծոյ» մասին, որպէսզի զանոնք առաջնորդէ Քրիստոսին (Գործք 17.23): Արդարեւ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ մենք եւս նոյն ձեւով կը վարուինք, երբ կը փորձենք մեր նմանները բաժնեկից դարձնել մեր փորձառութեան, ծանօթ եւ հասկնալի օրինակներ տալով:

Ճաշ մը, ընթրիք մը եւ կամ կոչունք մը հացկերոյթ ըլլալու կողքին, ունի ընկերային, մտաւոր եւ հոգեւոր  իւրայատուկ նկարագիր մը, ուր դաստիարակչական ազդակը միշտ ներկայ է: Այլ խօսքով, կը լսենք ու կը սորվինք շատ բաներ՝ սկսեալ նորարարութենէն մինչեւ նոր մտածելակերպեր, ծրագիրներ, յայտագիրներ, եւ այլն: Ճաշկերոյթի օրինակով, Յիսուս յստակ կերպով կ՛ուսուցանէր, թէ հրաւիրուած ենք յաւերժական երջանիկ կոչունքի մը, որուն յղացողը, կազմակերպողը եւ բոլոր պարագաներուն որոշում կայացնողը Աստուած է:

Կասկածէ վեր է, որ մեր կամքը որոշ դերակատարութիւն ունի ընդառաջելու հրաւէրին եւ ճաշելու երկնքի արքայութեան մէջ, եւ կամ մեր աղքատ դատողութենէն առաջնորդուած՝մերժելու, եւ զրկուելու անհուն բարիքներէն: Մեզի շնորհուած առանձնաշնորհումի  գիտակցութիւնը խիստ կարեւոր է: Պատահած է, որ տարբեր պատճառներէ մղուած հրաժարած ենք ձեռնարկի մը մասնակցիլ, եւ յետագային երբ իմացած ենք անոր բացառիկ յաջողութեան մասին, մենք մեզ մեղադրած ենք, որ նման պատեհ առիթ մը կորսնցուցած ենք: Վստահաբար, շատ պատճառներ կ՚ըլլան ընդունելու կամ մերժելու հրաւէր մը կամ առաջարկ մը: Օրինակով խօսելու սկզբունքին հետեւելով, բոլորս գիտենք, թէ արդի ծանուցումներու ընկերութիւնները ինչպիսի՛ հսկայական աշխատանք կը տանին, որպէսզի յաջող շուկայ եւ վարկ ապահովեն օգտաշատ յայտարարուող իրաւ կամ կեղծ որեւէ ապրանքի մը, եւ այդ ձեւով հետաքրքրութիւն ստեղծելով, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն գործնական պատասխանը ստանալու նպատակաւ: Այդ ուղղութեամբ շատ մը մեկնութիւններ կը կարդանք կամ կը լսենք, որոնք կրնան որոշ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ, այնուամենայնիւ, մեր գիտելիքը, փորձառութիւնը, մանաւանդ դատողութիւնը կը հետեւի տուեալ հիմնարկի կամ հաստատութեան հանդէպ մեր ունեցած վստահութեան վրայ՝ կայացնելու համար մեր որոշումը:

Տիեզերքի հոյակապ ստեղծագործութիւնը, որ յղացուած էր ամենայն բարութեամբ եւ վսեմ նպատակով, դժբախտաբար, մեզի ոչ լրիւ ծանօթ պատճառներու հետեւանքով, անկում արձանագրեց իր սկզբնակէտէն, առանց սակայն շեղելու իր նպատակակէտէն: Յովհաննէս Աւետարանիչ այս ողբալի իրադարձութեան ակնարկելով, պարզ եւ սակայն խորունկ հաստատումով մը կը բացատրէ Արարիչ եւ արարածի այս տխուր փոխ յարաբերութիւնը, ըսելով, «Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ» (Յհ 1.10):

Յարգելով հանդերձ ոչ հաւատացեալներու կողմէ բոլոր այն վարկածները, որոնք կասկած կը յարուցանեն մեր հաւատքի առնչութեամբ, երեք հիմնական սիւները, որոնք բացարձակապէս չեն կրնար առարկելի ըլլալ մեր Աղբիւրին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին, հետեալներն են. ա) Դարերու ընթացքին Յիսուս Նազովրեցիի մասին եղած մարգարէութիւնները. բ) Անոր երկրաւոր անառարկելի կեանքը՝ ուսուցումներով ու գործերով. գ) Իրեն հետեւող բազմամիլիառ հաւատացեալներու առկայութիւնը:

Այո՛, նոյնինքն այս իւրայատուկ Անձնաւորութիւնը, Ուսուցիչը, Հրաշագործը կը հրաւիրէ մեզ կոչունքի պատկերով՝ յաւերժական զգլխիչ երջանիկ կեանքի: Որպէս մարմնաւոր, մտաւոր ու հոգեւոր պարգեւներով օժտուած արարածներ, մեզի ընծայուած այս երկրաւոր կեանքը միակ պատեհութիւնն է հետեւելու կա՛մ աշխարհին եւ կա՛մ անոր Արարչին: Ընտրութիւնը մե՛րն է: Սիրով եւ ողորմութեամբ լի այս կեանք-հրաւէրը բոլորիս րնծայուած է, անկախ՝ մեր արժանաւորութենէն: Երկնքի կոչունքը տեղի պիտի ունենայ մեզմով կամ առանց մեզի: Հետեւաբար, մեր գիտակցութիւնը, միացած մեր հաւատքին, արդար դատողութեամբ պէտք է առաջնորդէ մեզ ո՛չ թէ յաւերժական անօգուտ ցաւ զգալու, ինչպէս Քրիստոս կը նկարագրէ՝ «Այն ատեն պիտի լաք եւ ձեր ակռաները կրճտէք» (Մտ 8.12), այլ` յաւերժական օրհնութեանց:

Որպէս «Լոյսի որդիներ», ինչպէս առաքեալը կը բնութագրէ (Ա Թես 5.5), շիտակ ընտրութիւնը կատարենք, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն: