Կաթողիկոսարանէն

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ (ՁԵՌԱԳՐԵՐ, ՀՆԱՏԻՊԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ)

Այս նիւթին շուրջ, Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Շահան Արքեպիսկոպոս ընդհանուր ներածականով մը ներկայացուց ձեռագրերու, հնատիպերու ու հրատարակչութեան զարգացման հոլովոյթը, ապա ան իր խօսքը մասնաւորեց Անթիլիասի Մայրավանքին յիշեալ երեք բաժամունքներու հաստատման ու կազմակերպման պատմութիւնը։ Սրբազան Հայրը առանձնաբար անդրադարձաւ, թէ ինչ դժուար պայմաններու մէջ ներկայ ձեռագրերու մէկ մասը Սիսէն փոխադրուած է Անթիլիաս եւ յետոյ նոր ձեռագրերով ճոխացած, նոյնպէս հնատիպերը։ Բնականաբար, մատենադարանի հիմնադրութիւնն ու կազմակերպումը տարբեր ընթացք ստացած է. ան ճոխացած է առաւելաբար Վեհափառ Հայրապետներու, միաբան հայրերու եւ մտաւորականներու հաւաքածոներով։

Վեհափառ Հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան կարեւոր բնագաւառը կը կազմէ ձեռագիրը, հնատիպը, այլ խօսքով՝ գիրքը, ոչ թէ միայն իր հնութեամբ, այլ էապէս իր բովանդակութեամբ ու պատգամով։ Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ մենք ո՛չ միայն պահապաններն ենք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան, այլ նաեւ կոչուած ենք զայն առաւել հարստացնելու, միաժամանակ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը անոնցմով արժեւորելու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *