Տօներ

ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ

Բուն Բարեկենդանը կը նշէ Մեծ Պահքի շրջանը, սակայն պահեցողութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի, 20 Փետրուարին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է, որ կը տեւէ 40 օր, մինչեւ Ղազարի յարութեան տօնը, որ Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ օրն է, որուն կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը։

Բուն Բարեկենդանը հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ դէպի Մեծ Պահքի շրջանը։

Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մը ըլլալով, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մըն է, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած քառասուն օրերու շրջանն է՝ Մկրտութենէն ետք։ Ինչպէս կը կարդանք Աւետարանին մէջ, «յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մտ 4.1-2)