Տօներ

ՊՈԼՍՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Շաբաթ, 18 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ Կ. Պոլսոյ տիեզերական ժողովին 150 հայրերու տօնը։ Թէոդոս կայսեր կողմէ 381ին գումարուած տիեզերական երկրորդ ժողովը հաստատեց Նիկիոյ ժողովի աշխատանքները եւ աւելցուց հինգ յօդուածներ Նիկիական Հանգանակին՝ Սուրբ Հոգիի, Եկեղեցւոյ, Մկրտութեան եւ Յարութեան մասին։ Պոլսոյ ժողովը Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած երեք տիեզերական ժողովներէն մէկն է։