Մեր դպրոցներէն

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ուսումնական Խորհուրդի ծրագրումով Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրը իր տեսական պահերուն մէջ արդէն բաւական ճամբայ կտրած ըլլալուն, սկսաւ աշխատանոց հանդիպումներուն, միշտ առցանց աշխատելաձեւով։

Երկուշաբթի, 15 Փետրուարին, արձակուրդային օրը, մեր վարժարաններէն ուսուցիչներու ընտրանի մը, որ կը մասնակցի այս ծրագրին, զոհեց իր աշխատանքէն հանգիստի օրը ու բարձր տրամադրութեամբ՝ նոյնիսկ 30-45 վայրկեան առաջ մտաւ զում-սրահ։

Այս ձեռնարկին գլխաւոր ղեկավար-դասախօսը «Գալուստ Կիւպէնկեան» Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի տարածման աշխատանքի պատասխանատու՝ տիկ. Անի Կարմիրեանն է, Փորթուկալէն։ Ան անցած ամիսներուն կեդրոնացած էր մանկավարժական, հոգեբանական եւ տեսական նիւթերու վրայ։ Անոնք այնպէս շաղախուած էին, որ երբ առաջին աշխատանոցը տեղի ունեցաւ, մասնակիցները լրիւ պատրաստ էին այդ աշխարհը մտնելու։

Աշխատանոցները կը պատրաստեն ու կը վարեն Սեւանա Չագրեան՝ այժմ Հայաստան ապրող, Վահան Քերովբեան՝ Փորթուկալէն, ու Մարալ Քերովբեան՝ Ֆրանսայէն, մատուցելով լեզուա-հոգեբանական նիւթեր։ Աւելի քան երեք ժամ, խումբը ամբողջութեամբ մանկական մտածելակերպի աշխարհին մէջ էր, երջանիկ աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ուսուցիչ շուտով պիտի փոխադրէ իր կարգին իր աշակերտները անկասկած, որպէսզի մայրենի լեզուն խաղալով գործածելը հաճոյք դառնայ առանց մեծ ճիգերու։