Տօներ

ՄԻՋԻՆՔ

Մեծ Պահքի 24րդ օրն է, որ չորրորդ շաբթուան Չորեքշաբթի օրուան կը զուգադիպի, որով մեր հոգեւոր ճամբորդութեան առաջին բաժինը աւարտած կ՚ըլլայ։ Աւանդականօրէն նշուած է իբրեւ հաւաքական Պահքի ճաշ ունենալու օր։ Ընկերային պահ մը եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն վայելելու յատուկ օր մըն է: