Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ «ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ ՆԱՐԵԿԻ ՀԵՏ» ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Կիրակի, 14 Մարտը, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին համար դարձաւ հոգեմտաւոր կոչունքի առիթ մը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Աւագ Քահանայ Մանուկեանի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով նոր լոյս տեսած՝ «Մտերմութիւն Նարեկի հետ» հատորին ներկայացումը տեղի ունեցաւ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մատնանշեց, որ «յարատեւելու»՝ օրուան բնաբանին լաւագոյն արտայայտութիւններէն մին է Տէր Հօր այս երկը, որ վերջին երեսուն տարիներուն որպէս երազ փայփայած է, եւ այսօր զայն սեփականութիւնը կր դարձնէր հանրութեան։ Գիրքը նոր հեղինակութիւն մը չէ Նարեկի, այլ՝ զայն մատչելի դարձնելու համար հաւատացեալներուն, Տէր Հայրը աղօթքներու դասաւորում մը կատարած է, որպէսզի ժողովուրդը մօտեցնէ Նարեկին, եւ Նարեկով՝ Աստուծոյ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հովուութեան կողքին Տէր Հօր տարած այս աշխատանքը, եւ մաղթեց որ շարունակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ժառանգած այս ոգին, խոփի կողքին գրիչով եւս հերկելու մեր ժողովուրդի մտաւոր անդաստանը։

Այնուհետեւ, Տէր Ներսէս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր իր անվերապահ աջակցութեան համար՝ զոյգ հատորներու հրատարակման առթիւ։ Ամփոփ կերպով նկարագրեց, թէ ինչպէս Նարեկի հանդէպ իր խորունկ սէրը եւ տարիներու վրայ տարածուած իր ընթերցումներու առթիւ կատարած նօթերը ի մի խմբելով, փափաքած էր հատորով մը մատչելի դարձնել  հաւատացեալներուն, նաեւ՝ հոգեւոր հովիւներուն, որպէս գեղեցիկ բնաբաններու փունջ, եւ առձեռն գանձարան՝ գործածելու  իրենց կիրակնօրեայ թերթիկներուն համար։

Տէր Հայրը ապա կարդաց Նարեկի 82րդ գլխուն Բ․ հատուածը, որպէս օրհնութեան խօսք Նարեկացիէն՝ Նարեկի մասին, յօգուտ հաւատացեալներուն։

Աւարտին, ներկաները դիմեցին Նարեկեան գրքասեղանը եւ օրինակներ վերցնելով մեկնեցան։

«Մտերմութիւն Նարեկի հետ» հատորը՝ հայերէնով թէ անգլերէնով, կարելի է ստանալ դիմելով Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութին։