Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. Տ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՀՆ. ԹԷԼՖԷԵԱՆ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ, ՔԸՆԷԹԻՔԸԹ)

Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան՝ հոգեւորականներուն եւ ընտանիքին հետ
Կիրակի, 21 Մարտին, Արժպ. Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան ստանձնեց հովուական իր պաշտօնը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) եւ իր հովուական անդրանիկ Պատարագը մատուցանեց։ Ս. Պատարագին եւ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Եդուարդ Ատաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Ճան Գըլընճեան, Արժ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան, Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան եւ Արժ. Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի յարատեւութեան ոգին, վեր առաւ Արժ. Տ. Վահան Քահանայի ծառայութիւնը անցնող երկու տարիներուն եւ մաղթեց, որ բոլորուելով նոր հովիւին շուրջ, գաղութը նորանոր յաջողութիւններ արձանագրէ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին, նշուեցաւ ծխականներէն՝ տիկ. Շուշան Գէորգեանի ծննդեան 100ամեակը։
100ամեայ տիկ. Շուշան Գէորգեան՝ շրջապատուած եկեղեցականներով ու պատուոյ հիւրերով
Տեսարան մը պատուոյ սեղանէն