(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 28 Մարտ)
Մեծ Պահոց հոգեւոր ուխտագնացութեան աւարտին, եւ գարնան գիշերահաւասարի յաջորդող Կիրակին՝ ծանօթ Ծաղկազարդ կամ Արմաւենեաց Կիրակի անունով, կը տօնախմբենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիսոտոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Հոյակապ պատեհութիւն մը՝ բնութեան, բայց մանաւանդ հոգեւոր վերանորոգման առիթով անձնապէս թարմանալու, որովհետեւ համայն տիեզերքը ականատես եղաւ տեսարանի մը որ կը մնայ անզուգական։ Արդարեւ, թագաւորներու Թագաւորը եւ տէրերու Տէրը կը նոյնանայ ժողովուրդին հետ, նախ քալելով անոնց հետ, ապա հեծնելով կենդանիներու համեստագոյնը հանդիսացող իշուկ մը, ընթանալով դէպի խաղաղութեան քաղաք՝ Երուսաղէմ։ Ան չդիմաւորուեցաւ կարմիր գորգերով, ո՛չ ալ արքայական փողերախումբով։ Իրեն կ՚ընկերանային ոչ թէ ապահովութեան ոստիկանական ջոկատներ, այլ մանուկներ, երիտասարդներ, չափահասեր ու ծերեր, որոնք իրենց զգեստները փոշոտ ու քարքարուտ ճամբաներուն վրայ փռելով, Երիքովէն մինչեւ Երուսաղէմ արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղեր իրենց ձեռքերուն, ուրախութեամբ կ՛աղաղկէին. «Ովսաննա՜, օրհնեալ է Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտ 21.9)։
Ի՜նչ սրտաբուխ եւ հրաշալի տեսարան, ուր ամէն տարիքի ու սեռի ներկայացուցիչ մը հաւասար ուրախութեամբ կը վստահի Առաջնորդի մը, Ուսուցիչի մը, Հրաշագործի մը, եւ սրտագինս կ՚ընծայէ Անոր իր սրտի եւ ունեցուածքի լաւագոյնը։ Պատահական չէր այդ վստահութիւնը, եւ ո՛չ ալ անձնական շահի վրայ հիմնուած, այլ կը բխէր Նազովրեցի Վարդապետին վճիտ անհատականութենէն, ուսուցումներէն, գործերէն ու վարմունքէն, որով բարութիւն եւ միայն բարութիւն բաշխած էր Ան։ Իր եռամեայ առաքելութեան շրջանին, մարդկային ցեղի փրկութեան եւ յաւերժական կեանքի բարի լուրը բաշխած էր եւ ուսուցած էր ճշմարիտ ու պարզագոյն ճանապարհը հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ որպէս Հայր։ Ուսուցումներու վաւերականութիւնը գործով յայտնած էր, գթասրտութեամբ մօտենալով անոնց, որոնք գութէ զրկուած էին ընկերութեան կողմէ։ Եւ առանց վարանելու իր ուսուցման որպէս տիպարներ վերցուցած էր մանուկները, այրիները, թռչունները, ի մի բան՝ Մայր բնութիւնը։ Եւ վերջապէս, Ան իւրաքանչիւր անձի արժէքը գնահատած էր, անկախ մարդկային բոլոր արժեչափերէ։
Վստահութեան այս ժայռին վրայ հիմնուելով, Բարի Վարդապետին ընկերացողները ամենայն ոգեւորութեամբ կ՛աղաղակէին․ «Ովսաննա՜, օրհնեալ է Ան որ Տիրոջ անունով կու գայ»։ Արդարեւ, Յիսուս չէր եկած Իր անունով, եւ հո՛ն կը կայանար իր խոնարհութեան ու բարձրութեան, իր առաքելութեան անառարկելիութեան գաղտնիքը։ Ան չէր եկած Ի՛ր անձին փառքին համար։ Արդարեւ, ո՞վ կրնար Անոր փառքին համազօր փառատրութիւն մատուցանել, ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ․ «Կաւը ինչպէ՞ս կրնայ պատուել զինք շինողը» (Ես 45.9)։ Ան չէր եկած մարդկային հասկացողութեամբ խօսքերով սիրաշահելու մարդիկը, ինչ որ սովոր են ընելու աշխարհի ղեկավարները ընտրուելու այս կամ այն աթոռին ու պաշտօնին, որովհետեւ Ան Է՛ր, Է՛, եւ կը մնայ Ճշմարիտ Կատարեալը, որ ստեղծած է մեզ, մահու չափ կը սիրէ մեզ եւ կը հոգայ մեզի, որ իրապէ՛ս ժողովուրդին հետ է եւ ժողովուրդին համար բոլոր ժամանակներու համար՝ ներկայի եւ յաւիտեաններուն մէջ։
Այս հասկացողութեամբ ու վստահութեամբ ընկերակցելով անոնց, որոնք քալեցին Երիքովէն Երուսաղէմ, մե՛նք եւս քալենք Անոր հետ որ մաքրամաքուր սրտերէ բխած Ովսաննաներով դիմաւորուեցաւ։ Այո՛, քալենք, սիրելի մանուկներ եւ պատանիներ, Աստուծոյ երկիւղով, որովհետեւ Ան ձեզ կը սիրէ աչքի բիբի նման (Սղ 17.8): Քալե՛նք, սիրելի երիտասարդ եղբայրներ եւ քոյրեր, երիտասարդ Յիսուս Քրիստոսին հետ որ կը զօրացնէ մեզ, կը հարստացնէ մեզ Իր իմաստութեամբ, յաղթահարելու կեանքի մարտահրաւէրները։ Քալե՛նք, սիրելի ծնողներ, մեզ սիրող Ծնողին հետ որ կը կենսաւորէ մեզ մեր հասկացողութեան, համբերութեան, ներողամտութեան մէջ, որպէսզի անսպառ կերպով հոգանք մեր ընտանիքներուն՝ հիմը առողջ ընկերութեան, ազգի եւ մարդկութեան։ Քալե՛նք, սիրելի տարեցներ, Մխիթարիչ Տիրոջ հետ, որուն ցուպն ու գաւազանը, Սաղմոսասացին խօսքերով (Սղ 16.22), կ՚ամրացնեն մեզ կեանքի վերջալոյսին ողջունելու յաւերժութեան արշալոյսը։
Այո՛, քալենք Նազովրեցի Վարդապետին հետ, սիրելի հաւատացեալներ, մանաւանդ անցեալ տարուան Մարտ ամսուան պսակաձեւ ժահրի եւ Նոյեմբեր ամսուան ազգային ահաւոր աղէտի ծանրութեան տակ ճնշուածներս, որպէսզի չկքինք ու չյուսահատինք, այլ խաչակից ըլլալով Իրեն, նաեւ զօրանանք Իրմո՛վ, յաղթահարենք երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն տեսակի նեղութեանց, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։