Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԽԱԹԵԱՆ (մահ՝ 9 Ապրիլ, 1938)

Մահուան թուականը արդէն իր հետ կը բերէ հայ ժողովուրդի երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ ստալինեան մաքրագործումներու յուշը, որուն զոհերէն մէկը եղած է այս խորհրդահայ գրաքննադատը։

Յարութիւն Սուրխաթեան, բուն անունով՝ Յարութիւն Թումանեան, ծնած է 5 Մայիս, 1882ին (17 Մայիս՝ նոր թուականով), Ստարի Կրիմ քաղաքը (Խրիմ)։ Գրչանունը բխեցուցած է իր ծննդավայրի միջնադարեան անունէն՝ Սուրխաթ։

Դժուարին մանկութիւն ու պատանեկութիւն ունեցած է։ 1891ին կորսնցուցած է հայրը եւ սկսած աշխատիլ՝ ծխախոտի աճեցման մէջ, թէեւ կարողացած է ծխական դպրոցը աւարտել։ 1895ին փոխադրուած է Մելիտոպոլ եւ այնուհետեւ՝ Կամենսկոյէ քաղաքները, աշխատելով իբրեւ աշկերտ խանութներու մէջ։ Գործի ծանրութիւնը եւ առողջական վատ պայմանները պատճառ դարձած են, որ թոքախտաւոր դառնայ։ Ապա մեկնած է Թիֆլիս, ուր իր ազգականի՝ երգահան Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի օգնութեամբ, գործի մտած է երգչախումբի մը մէջ։ Սակայն, հիւանդութիւնը առաւել մտահոգիչ դարձած է եւ 1900ին ստիպած, որ Աշխապատ (Թիւրքմենիստան) մեկնի, ուր ուսուցչութիւն ըրած է տեղական հայկական դպրոցին մէջ, բայց չէ կրցած մնալ ու վերադարձած՝ Խրիմ։ Հեռակայ կարգով քննութիւններ յանձնած ու աւարտած է Նոր Նախիջեւանի հոգեւոր սեմինարը, ստանալով երկրորդական կրթութեան վկայականը։

Միջոցին, Սուրխաթեան ամուսնացած էր Եկատերինա Մարտինովնայի հետ եւ 1907ին փոխադրուած՝ Խարկով, ուր մտած է տեղական համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը, բայց չէ կրցած աւարտել, կրկին՝ առողջութեան պատճառով։ 1910ին, վերջնականօրէն փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր դասաւանդած է տեղւոյն ռուսական գիմնազիոնի եւ «Յովնանեան» օրիորդաց դպրոցին մէջ։ Այդ տարիներուն, մանր արձակ գործերէ զատ, հայերէնի թարգմանած է ռուս արձակագիրներու գործեր՝ Լէոնիտ Անտրէեւի «Ստութիւն» (1906) եւ Լէօ Թոլսթոյի «Խոստովանութիւն» (1911)։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք, Սուրխաթեան դարձած է բոլշեւիկ եւ 1918ին անդամակցած՝ համայնավար կուսակցութեան։ Կովկասի խորհրդայնացումէն ետք, աշխատած է իբրեւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Վրաստանի մէջ եւ այնուհետեւ՝ Արտասահմանի հետ Երկրների Մշակութային Կապերի Անդրկովկասի Յանձնաժողովի նախագահ։ Վրաստանի լուսաւորութեան կոմիսարիատը (կրթական նախարարութիւն) յետագային զինք նշանակած է վերահսկելու հայերէնի 1922ի բարեփոխուած ուղղագրութեան կիրարկումը երկրի հայկական դպրոցներուն եւ թեքնիք վարժարաններուն մէջ։

Սուրխաթեան գրական քննադատութեան յօդուածներով մնայուն աշխատակիցը եղած է հայ մամուլին։ Հեղինակած է գրականութեան դասագիրքեր, որոնք գործածուած են հայկական դպրոցներու մէջ, ինչպէս երկհատոր «Հայ գրականութիւն»ը (1926)։ Գրած է նաեւ մենագրութիւններ՝ «Հին յունական գրականութիւն» (1922), «Յետհոկտեմբերեան հայ գրականութիւն» (1929) եւ «Հոմեր. Շէքսպիր» (1935)։ Գրական յօդուածներու հաւաքածոյ մը հրատարակուած է յետմահու («Գրականութեան հարցեր», 1970)։

1937ին, Սուրխաթեան աւարտած էր գրականութեան դասագիրք մը համալսարանական մակարդակի համար եւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի ուսումնասիրութիւն մը։ Երկու գործերն ալ կորսուած են երբ 1936-1938ի բռնութեան ալիքը իրեն հասած է։ Աքսորուած է Ռուսաստան, ուր մահացած է 9 Ապրիլ, 1938ին։