Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ – ՊՈԼՍՈՅ «ԷՍԱԵԱՆ» ՈՒ «ՏԱՏԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 3 Ապրիլի իր հանդիպումին, «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտութիւնը հաճոյքով հանդիպեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ (Իսթանպուլ) երկու վարժարաններու վերի կարգերու սաներուն։ «Էսաեան» եւ «Տատեան» վարժարաններու աշակերտութիւնը, գումարած՝ «Սիամանթօ» լսարանի ուսանողներուն, արդէն մեծ թիւ կազմեցին, հետեւաբար մտերմիկ զրոյց ունենալու համար բաժնուեցան երեք խմբակներու։ Կ․ Պոլսոյ երկու դասատուները՝ տիկ. Լեռնա Քարաքիւթիքն ու տիկ. Ժպտուն Զուռնաճըն, «Սիամանթօ» լսարանի հայոց լեզուի դասատուները՝ տիկ. Սօսի Սուսանեանը, տիկ. Սօսի Միշոյեանն ու տիկին Լենա Նազարեանը ճարտարօրէն աշակերտութեան առաջին հանդիպման սառոյցը հալեցուցին ու կարճ ժամանակին տուին հարազատ մթնոլորտ։

Մեր պատանիները արար աշխարհի վրայ զիրար ճանչնալու եւ իրարու հետ ըլլալու զգացումին կը կարօտին։ Այս ձեռնարկը, իր փոքրածաւալ տարողութեամբ հանդերձ, առաջին ու յաջող քայլ մըն էր այդ ճամբան հարթելու։