Կիրակի, 25 Ապրիլ, երրորդ Կիրակին է Ս. Յարութենէն ետք։ Կը կոչուի Կարմիր Կիրակի, թէեւ անունը եկեղեցական ծագում չունի։ Կարմիր արեան գոյնը ըլլալով, ասիկա յարմար ժամանակ մըն է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու։ Կը կարծուի, որ «Կարմիր Կիրակի» անուանումը կապուած է հողի գունաւոր բխումին, որ կը յաջորդէ անպտուղ ձմրան։ Անցեալ շաբթուան Կանաչ Կիրակիին նման, բնութեան ու կեանքի տօն մըն է, որ կը խորհրդանշէ վերածնունդը՝ մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք։
ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
22
Apr