Լուրեր

ԻՏԱԼԱՑԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՋԱԽՋԱԽԷ

Հիւսիսային Իտալիոյ Ֆերրարա քաղաքի քաղաքապետը՝ Ալան Ֆապրի, մերժած է թուրք դեսպան՝ Մուրատ Սալիմ Էսէնլիի գանգատները, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած ձեռնարկի մը, որուն մասնակցած էր իտալահայ գրագիտուհի՝ Անթոնիա Արսլան, հեղինակը «Արտոյտներու ագարակը» վէպին, որ թարգմանուած է 20է աւելի լեզուներու եւ վերածուած է շարժապատկերի։

Պոլոնիայի մօտ գտնուող Ֆերրարայի «Ապպատօ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին, Արսլան քննարկած է ցեղասպանութիւնը զրուցելով թատրոնի հիմնադրամի տնօրէնուհի Օվատիայի եւ կեդրոնական ու հիւսիսային Իտալիոյ ռաբբիներու համակարգող ու գրագէտ՝ Վիթորիօ Ռոպիաթի Պենտաուտի հետ։

Քաղաքապետ Ֆապրի գրած է Էսենլիին, որ վերջինիս նամակը «նախատինք մըն է Ֆերրարայի արժէքներուն, որ միշտ պայքարած է ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ի խնդիր», եւ կտրուկ կերպով մերժած թուրք դեսպանին խնդրանքը՝ ցեղասպանութեան մասին «կեցուածքը վերանայելու», աւելցնելով. «Մենք միշտ դէմ ենք ժխտողականութեան ամէն տեսակի»։

Թատերասրահը, քաղաքապետը գրած է, «ազատութեան տաճարն է», որ չի կրնար ենթարկուիլ «իր ժողովրդավարութեամբ իսկապէս չյատկանշուող երրորդ երկրի մը “դիւանագիտութեան”» միջամտութեան։ Աւելցուցած է. «Չենք կրնար թոյլատրել, որ յիշողութիւնը նախատուի»։

Այս առիթով, քաղաքապետ Ֆապրի յայտնած է, որ Ֆերրարա քաղաքը պատուոյ քաղաքացիութիւն պիտի շնորհէ Անթոնիա Արսլանին հետ եւ թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամին, որ յայտնի է ցեղասպանութեան փաստը ապացուցող իր բազմաթիւ հրատարակութիւններով։