Մեր դպրոցներէն

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Մայիսին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան եւ բարերարուհի օր. Ազատուհի Զարուկեան, յատուկ այցելութիւն մը կատարեցին Հայ Քոյրերու Վարժարանը՝ Ֆիլատելֆիայի մօտակայքը։

Մեր Եկեղեցին ու հայ դպրոցը յատուկ տեղ մը ունին օր. Զարուկեանի սրտին մէջ։ Հայ Քոյրերու Վարժարան՝ բոլոր դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն նման, բանալին է մեր ժողովուրդի ապագային։ Բարերարուհին ու իր եղբայրները յաճախած էին Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը։ Ան իր առաքելութիւնը դարձուցած է Հայ Եկեղեցիին ու դպրոցներուն աջակցիլ ի յիշատակ իր ծնողներուն ու եղբայրներուն։

Աշակերտները, ուսուցչական կազմը եւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Քոյր Էմմա Մուսայեան, բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն, եւ աշակերտները Մայրերու Օրուան նուիրուած հայկական երգերու, արտասանութիւններու եւ պարերու գեղեցիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։ Այնուհետեւ, օր. Ազատուհի 2.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց դպրոցին՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Զարուկեան» հիմնադրամէն։