Տօներ

ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ

Այսօր, Հինգշաբթի, 18 Մայիս, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է, որ կը նշուի Զատիկէն քառասուն օր ետք։ Տիեզերական եկեղեցին Համբարձումը տօնած է 4րդ դարէն սկսեալ։ Ըստ Ս. Գիրքին, Համբարձումը տեղի ունեցաւ Բեթանիա գիւղին մէջ, Ձիթենեաց լերան վրայ։ Իր պատուէրներն ու օրհնութիւնները աշակերտներուն տալէ ետք, Տէրը «երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (Մարկ. 16.19), եւ «ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն» (Գործ 1.9)։ Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարանները կ՚աւարտին Յիսուսի Համբարձումով։

Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, Համբարձումը ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն էր, որ կը նշուէր ուրախութեամբ ու տօնախմբութիւններով։ Այս տէրունական տօնին հետ կապուած բազմաթիւ հայկական աւանդութիւններ կան, որոնցմէ ամենէն ծանօթը թերեւս վիճակախաղն է, յատկապէս՝ իրենց ապագան կանխատեսող երիտասարդ աղջիկներու համար, ինչպէս նկարագրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերային մէջ։

«Համբարձաւ Տէրն մեր յերկինս, ասելով աշակերտացն, նստարուք ի քաղաքիդ Երուսաղէմ, մինչեւ զգենուցուք  զօրութիւն ի բարձանց։

Միաբանեալ սուրբ առաքեալքն միախորհ եւ միակրօն, միաբան նստէին ի սուրբ վերնատանն, եւ ակն ունէին գալստեան Սուրբ Հոգւոյն;

Յանկարծակի եհաս ի նմանութիւն լուսոյ փայլման․ եւ եկեալ բնակեցաւ ի սուրբ առաքեալսն, մինչդեռ նստէին ի սուրբ վերնատանն։

Համբարձաւ Տէրն մեր Քրիստոս օրհնութեամբ ընդ ամպս երկնից, եւ առաքելոցն երկրպագեալ դարձան յԵրուսաղէմ․ միաբանութեամբ վեր առաքէին զաղօթս։

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։

Մտեալ ի յերկինըս բիւրաւոր զօրօք բազմութեամբ հրեշտակաց․ որք աղաղակէին եւ ասէին․ օրհնեալ եկեալ ի յանունըն  Տեառն։

Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

Նստեալ ընդ աջմէ ծընողին, կատարելով ըզխոստացեալ պարգեւ․ մխիթարիչ Սուրբ Հոգին գայ առ ձեզ, աղբերացուցանել  զմեծ զողորմութիւն»։

(«Մեր Տէրը երկինք համբարձաւ աշակերտներուն ըսելով՝ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ նստեցէք մինչեւ որ երկինքէն զօրութիւն ստանաք։

Սուրբ առաքեալները միաբան, միասիրտ եւ միակրօն նստած էին սուրբ Վերնատան մէջ եւ Սուրբ Հոգիին գալուստին կը սպասէին։

Լոյսի փայլքի նմանութեամբ [Սուրբ Հոգին] յանկարծ գալով բնակեցաւ սուրբ առաքեալներուն մէջ, մինչ անոնք Վերնատան մէջ նստած էին։

Մեր Տէրը Քրիստոս երկինքի ամպերուն մէջէն օրհնութեամբ համբարձաւ եւ առաքեալները երկրպագելով [Քրիստոս] Երուսաղէմ դարձան եւ միասնաբար կ՚աղօթէին։

Երկինք մտաւ հրեշտակներու բիւրաւոր զօրքերու բազմութեամբ, որոնք կ՚աղաղակէին եւ կ՚ըսէին՝ օրհնեալ է Տիրոջ անունով եկողը։

Ծնողին աջ կողմը նստաւ կատարելով խոստացուած պարգեւը՝ մխիթարիչ Սուրբ Հոգին պիտի գայ, աղբիւրի առատութեամբ մեծ ողորմութիւնը բխեցնելու»)։