Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՓԱԿԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 29 Մայիսի առաւօտեան, Zoomով տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանի տարեփակի հանդիպումը։ Տիկ. Մարի Կիւլիւմեան՝ Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհին, բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ։ Այնուհետեւ, արագ ակնարկ մը նետելէ ետք տարեշրջանի ընդհանուր գործունէութեան վրայ, շնորհակալութիւն յայտնեց լսարանի յաջողութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերող աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին, Հայաստանի Համացանցային Համալսարանին (ՀՀՀ),  շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնուհիներուն եւ ծնողաց։

Տիար Յարութիւն Մսըրլեան՝ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետը, խրախուսեց աշակերտները որ ներկայի ընկճող պայմաններուն ներքեւ երբե՛ք չտկարանան, այլ դառնան զօրաւոր օղակները ներկայի եւ անցեալի մեր հարուստ մշակութային առաքելութեան։ Երեւանէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Սուրբ Մեսրոպի եւ Կորիւն Վարդապետի քանդակներուն առջեւ կանգնած տիկ. Արփինէ Թաւագալեան,  յանուն ՀՀՀի ողջոյնի խօսքով խնդակցութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց «Սիամանթօ» լսարանի հետ այս բարեյաջող գործակցութեան։ Խօսք առին նաեւ ՀՀՀէն տիկ. Զեփիւռ Խպլիկեանն ու տիկ. Անի Տեկիրմենճեանը։ Ապա, հերթաբար իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին լեզուի ուսուցչուհիներ՝ տիկ. Թալին Կիրակոսեան, տիկ. Սօսի Միշոյեան, տիկ. Սօսի Սուսանեան եւ տիկ. Լենա Նազարեան, երաժշտութեան դասատու՝ պրն․ Ռաֆֆի Ռշտունի եւ պատմութեան ու ճարտարապետութեան ուսուցիչ՝ պրն․ Ռուբէն Ճանպազեան։ Խօսք առին տիկ. Մայտա Մելքոնեան՝ Պոսթընի Ս․ Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի, եւ տիկ. Թալին Արթինեան՝ Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ «Սիամանթո»յի ընտանիքին մաս կազմելով, նորահաս սերունդին հետ իրենց փորձառութիւնը ունենալու պատեհութիւնը ունեցած էին։ Իրենց կարգին, աշակերտները իրենց սրտի անկեղծ խօսքերով երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած այս պատեհութեան համար, որով զիրենք հարստացուցած էին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման իր խօսքով նախ նշեց, որ եթէ բնականոն պայմաններու տակ գտնուէինք, այսօր «Սիամանթօ» լսարանի 35ամեակը պիտի տօնակատարէինք, յոյս յայտնելով, որ յաջորդ տարի կ՚իրականանայ այդ նշումը։ Ապա ըսաւ, թէ իրեն համար Ուսումնական Խորհուրդի, ՀՕՄի, ՀՀՀի, «Սիամանթո»յի ուսանողութեան, Հայաստանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա ապրող դաստիարակներու, շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնուհիներու եւ ծնողաց գործնական ներդրումով եւ համագործակցութեամբ, «Սիամանթօ» լսարանի այս առաքելութիւնը կը նմանի ինքնութեան համանուագի մը, ուր իւրաքանչիւր տառի ներդաշնակ ներդրումով մենք կը վայելենք հոյակապ հունձք մը։

Իր խօսքը ուղղելով յատկապէս աշակերտներուն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Կեանքի ձեր նշանաբան դարձուցէք՝ մարտահրաւէրները դիմակալել Հայ Ոգիի մարտահրաւէրով։ Ինչ պայմաններու տակ եւ ուր որ գտնուիք, ո՛չ միայն այսօր, այլ վաղը, ձեր ներոյժը երբեք մի՛ վատնէք տկարանալով, գանգատելով, վախնալով  ու յուսահատելով, այլ դրական լուծումներով յաղթահարեցէք։ Այս հաստատումին տոկուն վկայութիւնը նոյնինքն պսակաձեւ ժահրի սպառնալիքի դիմաց մեր բոլոր կառոյցներուն, մանաւանդ այսօր՝ «Սիամանթօ» լսարանի յաջողութիւնն է»։ Վերջապէս, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Մարի Կիւլիւմեանի անխոնջ նուիրումը եւ տեսլականը՝ «Սիամանթօ» լսարանը վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու, որուն շնորհիւ դուրս գալով Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի սահմաններէն, ընդարձակուեցաւ եւ ներառաւ Թեմիս տարբեր նահանգներէն ուսանողներ։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այնուհետեւ հրաւիրեց «Սիամանթո»յի շրջանաւարտ՝ պրն. Վահէ Չաղլասեանը, որ իր սրտի խօսքը ուղղէ ներկայ ուսանողներուն։ Պրն․ Չաղլասեան իր կնոջ՝ նոյնպէս «Սիամանթօ» լսարանի շրջանաւարտ տիկ. Թալինի անունով, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեց նահատակ գրագէտի անունով կնքուած այս լսարանին հանդէպ, ուր առաւել եւս թրծուած էր իրենց ինքնութիւնը, եւ որպէս շօշափելի արտայայտութիւն՝ 10.000 տոլար նուիրեց լսարանին ի նպաստ, անոր աւանդական եւ առցանց դասաւանդութիւնը աւելի եւս ամրացնելու եւ յաւելեալ կերպով ճոխացնելու նպատակով։ Յայտնենք նաեւ, որ Չաղլասեան ամոլը 10.000 տոլար նուիրած էր արդէն, հաստատելով «Սիամանթօ-Չաղլասեան ֆոնտ»ը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։