Առաջնորդարանէն, Լուրեր

ՓԱՍՏԱՀԱՒԱՔ ՊԱՏՈՒՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորքի Save Armenian Monuments («Փրկել հայկական յուշարձանները») նորահաստատ կազմակերպութիւնը իր առաջին փաստահաւաք պատուիրակութիւնը ուղարկած է Հայաստան։ Անոր ներկայացուցիչները հանդիպած են կրօնականներու, քաղաքական գործիչներու եւ գիտնականներու հետ՝ Արցախեան պատերազմէն ետք մեր սրբավայրերու պահպանման ուղիներու որոնման համար։

«Մեր այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութիւնը դէպի Արցախ ապագայ ուխտագնացութիւններու հող պատրաստած է։ Նման ուխտագնացութիւններ կոչուած են գիտակցութիւն զարգացնելու շահագրգռուած խումբերու, ինչպէս եւ հանրութեան մէջ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ, սրբավայրեր այցելելու եւ հոն պաշտամունք կատարելու՝ իւրաքանչիւր հայու իրաւունքի ճանաչումն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու մասին, անկախաբար քաղաքական պարագաներէն», ըսաւ դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիս, կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը, որ գլխաւորած է պատուիրակութիւնը։ «Ուխտագնացութիւնները միայն կարեւոր չեն անհատներու հոգեկան ու մշակութային կարիքներու, այլեւ եկեղեցիներու պահպանման համար որպէս պաշտամունքի ապրող տուներ»։

Պատուիրակութեան մաս կազմած են խորհրդականներ՝ Ռաֆֆի Դանիէլեան (Լոնտոն) եւ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան (Նիւ Եորք)։ Խումբին միացած են Գալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի ճիւղի արուեստի պատմութեան դասախօս՝ փրոֆ. Հեղնար Վաթենփօ, եւ Յովակիմ Արք. Մանուկեան (Լոնտոն), որ եկեղեցական ներկայացուցիչներու հետ քննարկումները համակարգած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։

Պատուիրակութիւնը ծրագիրը ներկայացուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, որ գնսհատած է նախաձեռնութիւնը եւ իր խորհուրդը տուած։ Խումբը նաեւ հանդիպած է մշակութային ժառանգութեան պահպանումով զբաղող եկեղեցական ներկայացուցիչներու, ինչպէս եւ Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան հիմնադրամի (RAA) ղեկավարներու հետ։ «Փրկել հայկական յուշարձանները» յայտնած է իր աջակցութիւնը RAAի տեսողական արխիւներու պահպանման աշխատանքին։ Տեղի ունեցած է նաեւ հանդիպում մը Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, որ շեշտած է Սփիւռքի կարեւորութիւնը մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ։