Առաջնորդարանէն

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄՆԵՐ

Առ ի գիտութիւն բարեպաշտ մեր ժողովուրդին, կը յայտնենք որ Թեմիս Կրօնական Ժողովը իր հերթական նիստին, նաեւ հոգեւորականաց խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին քննարկելով պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով ծիսական կեանքի առնչուող կարգ մը փոփոխութիւնները, առողջապահական եւ պետական շրջանակներու նորագոյն որոշումներու լոյսին տակ առաւ հետեւեալ կարեւոր որոշումները․-

Յառաջիկայ Կիրակի, 11 Յուլիս, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան ու Պայծառակերպութեան տօնէն սկսեալ, Սուրբ Պատարագը կը մատուցուի աւանդական ձեւով՝ մուտքի թափօրով, եւ կը շարունակուի ամենայն հանդիսաւորութեամբ։

Ժողովը նաեւ նկատի ունենալով յամեցող ժահրի դեռ եւս անպատեհութիւնները, որոշեց ցնոր տնօրինութիւն.

ա․ «Ողջոյն»ի փոխանցումը բարեկարգեալ ձեւով շարունակել։ Այլ խօսքով, Պատարագիչը Սուրբ Սեղանէն կ՚ըսէ․ «Ողջոյն տուք միմեանց, Քրիստոս ի մէջ մեր Յայտնեցաւ», եւ ժողովուրդը միասիրտ կը պատասխանէ․ «Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

բ․ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը զետեղուի հաղորդուողին ձեռքին վրայ։

գ․ Արձակման՝ Սուրբ Աւետարանը համբուրելը կը զեղչուի։

դ․ Սուրբ Պատարագի սփռումը կը շարունակուի, որպէսզի հեռակայ մեր հաւատացեալները օգտուին, անոր հոգեպարար սնունդէն։

Շուրջ երկու տարիներու աննախընթաց փորձառութեամբ հարստացած, շարունակենք մեր դեղատոմսը՝ «Աղօթքով,  Համբերութեամբ եւ Զգուշութեամբ» յաղթահարել պսակաձեւ եւ այլ ժահրերու սպառնալիքները, ողջունելու համար բնականոն կեանքը մարդկութեան բարօրութեան եւ Աստուծոյ փառքին համար։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ