Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԽՈՆԱՐՀ ՍՐՏԻ ՄԸ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 22 Օգոստոս, 2021)

Հայ Եկեղեցին գերազանցապէս մեծարելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը, ինը օրերու վրայ կը տօնախմբէ անոր երկինք վերափոխումը, որ ամենէն շօշափելի վարձատրութիւնն էր երկրաւոր հարսին, որ կատարելապէս ինքզինք Աստուծոյ յանձնեց, եւ խօսքով ու գործով Տէրունական աղօթքի «Եղիցին կամք քո» խնդրանքը իր կեանքով իրականացուց։ Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ, ականատես կ՚ըլլանք իրարու հարազատ երկու յղի մայրերու՝ Սրբուհի Եղիսաբէթի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի մօր եւ Սրբուհի Մարիամի՝ Յիսուս Քրիստոսի մօր,  հանդիպումին եւ անոնց հոգեթով խօսակցութեան։ Սուրբ Կոյսը, հազիւ Եղիսաբէթի տան շեմէն ներս մտած երբ ողջոյն կու տայ անոր, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած՝ Եղիսաբէթ կը բացագանչէ. «Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին» (Ղկ  1.39-56): Աստուածամայրը՝ շնորհալի պատասխան տալով, կ՚ըսէ․ «Տէրը պիտի գովաբանեմ։ Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը․․․»։

Այսօրուան խորհրդածութեամբս կ՚ուզեմ անդրադառնալ Աստուածամօր գովաբանութեան, որ ծնունդ տուած է ճոխ շարականներու հաւաքածոյի մը, ծանօթ ՝ «Մեծացուսցէ» անունով։ Այս գովաբանութեան ոգին, Տիրամայրէն փոխանցուելով բոլոր սերունդներուն, կը ներկայանայ որպէս օրինակելի վերաբերում մը առ Աստուած։

ա․ Գրաբարի մէջ «մեծացուցանեմ» բայը համազօր է մեծարելու, բարձրացնելու, գովելու, փառաւորելու, եւ ըստ այնմ՝ մեծցնելու եւ արժեւորելու քանակով կամ արժէքով փոքր բան մը։  Ներկայ բնագրին մէջ, անիկա կը յատկանշէ անձի մը երախտագիտութիւնը, որ ամենայն խոնարհութեամբ կը դաւանի Աստուծոյ անհուն սիրոյն զեղումը։ Սուրբ Կոյս Մարիամը, ապահով ըլլալէ ետք թէ հրեշտակին Աւետումը Աստուծոյ կողմէ լիազօրուած էր, եւ Եղիսաբէթի կողմէ նոյնը հաստատելէ ետք, գովաբանեց  զԱստուած, աւելին՝ ան ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով ու լրիւ իր կեանքի ընթացքով փառաւորեց  զԱստուած։

Արդարեւ, երբ վերլուծենք մեր ամբողջ գոյութիւնը՝ յղացումէն մինչեւ վախճանաբանական իրավիճակը, գեղեցկագոյն բանը որ կրնանք ընել որպէս բանաւոր արարածներ անխտիր, գովաբանել, փառաբանել, մեծարել է Բարեգութ եւ ամէնողորմ Արարիչը, Տէրը եւ Հայրը։

Գովաբանելով զԱստուած, վստահաբար ոչի՛նչ կրնանք աւելցնել Անոր փառքին վրայ, այնուհանդերձ մեր անհատականութիւնը աւելի առողջ հիմերու վրայ կը բարձրացնենք, երբ գիտակցինք այն առանձնաշնորհումին, որ հաղորդակցութեան մէջ ենք Բարձրեալին հետ։ Որպէս հողեղէն արարածներ վարժ ենք մեր գոյութիւնը միշտ չափել ժամանակի եւ տարածքի հասկացողութեամբ, մինչ երբ Անոր ներկայութեան մէջ զգանք մենք մեզ, Իրմով մե՛նք եւս կ՚անհունանանք։

բ․ Ուրախութիւնը կենսական վիճակ մըն է բոլոր արարածներուն, մանաւանդ մարդ արարածներուս համար։ Տառապալից աշխատանք կը ստանձնենք, շատ բաներէ մենք մեզ կը զրկենք՝  ուրախութիւն վայելելու ակնկալութեամբ։ Առ հասարակ, մեր ուրախութիւնը կախեալ ըլլալով նիւթական եւ ժամանակաւոր բաներէ, ըստ այնմ կը տարուբերի անոր որակն ու քանակը։ Իսկ երբ մեր ուրախութիւնը արմատաւորենք արժէքներու մէջ, կը դառնայ աւելի կայուն եւ արդիւնաւէտ։ Այս հասկացողութեամբ, երբ մեր ուրախութիւնը խարսխենք Աստուծոյ մէջ՝ աղբիւրը բոլոր բարեաց եւ ուրախութեանց, եւ Իրմո՛վ ցնծանք, այն ատեն սոսկ մտքի յափշտակութեան վայելքը չէ որ կ՚ունենանք, այլ մեր ամբողջ էութիւնը պարուրելով, մեր հոգին կը խայտայ եւ Աստուածամօր նման ուրախութեամբ կը փառաբանէ զԱստուած՝ ամենայն բարեաց Տուիչը։

գ․ Հին Կտակարանէն, բայց մանաւանդ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութենէն կը սորվինք այն, թէ Աստուած որքան ալ երկնից բարձունքներուն մէջ կը բնակի, նուազագոյն բանը իր ուշադրութենէն չի վրիպիր, նոյնիսկ աղօթքի մրմունջները (Ա Թգ 1.13, Ղկ 18.13), որոնք դուրս կու գան խոնարհ ու բեկեալ սրտերէ։ Սաղմոս 113ի մէջ հոյակապ համարներ կը կարդանք այն մասին, թէ Աստուած, որ բարձունքներու մէջ կը նստի եւ երկինքէն երկիր կը դիտէ, վեր կը բարձրացնէ աղքատները՝ փոշիներէն, եր կարիքաւորները՝ մոխիրներէն (5-7)։ Սուրբ Կոյս Մարիամի անձնական փորձառութեամբ հաստատումը, թէ «Աստուած տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը», լաւագոյն գրաւականն է բոլոր անոնց համար, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ստորակայութեան բարդոյթէ կը տառապին։ Արդարեւ, Աստուած հաւասարապէս կը սիրէ բոլորս, մանաւանդ հոգիով ու սրտով խոնարհները։ Ան Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի սրտով բեկեալները բուժէ եւ Տիրոջ ընդունելի տարին յայտարարէ (Ես  61.1-2, Ղկ 4.18) համայն մարդկութեան համար։

Սուրբ Աստուծածնի դրական այս վկայութեամբ մեր հաւատքին մէջ առաւել եւս արմատացած, միասնաբար գովաբանենք Տէրը, որ միշտ բարեհամբոյր սիրով կը նայի իր արարածներուն վրայ եւ կը փրկէ մեր մեղքերէն, եւ փառաւորենք Շնորհաց Աղբիւր Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։