Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԿԱՐԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 19 Սեպտեմբեր, 1920)

20րդ դարուն, Խաչատուրեան անունով մէկէ աւելի երգահաններ եղած են։

Երգահան Կարէն Խաչատրեան ծնած է Մոսկուա, 19 Սեպտեմբեր, 1920ին։ Որդին էր Մոսկուայի հայկական տրամաթիք արուեստանոցի հիմնադիր Սուրէն Խաչատրեանի եւ եղբօրորդին՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի։

Ութը տարեկանին սկսած է դաշնակ սորվիլ Մոսկուայի Գնեսինի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ։ 1938ին մտած է Մոսկուայի երաժշտանոցին կից երաժշտական ուսումնարանի դաշնակի դասարանը, միաժամանակ զբաղելով երգահանի աշխատանքով։ 1941ին ընդունուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի յօրինումի տեսութեան դասարանը։ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն խորհրդային բանակը ծառայելէ ետք, 1945ին վերադարձած է ուսանողական կեանքին։ 1950ին աւարտած է Մոսկուայի երաժշտանոցի ստեղծագործական բաժինը, իսկ 1952ին՝ յետ աւարտական շրջանի ուսումը։ Այնուհետեւ, դասաւանդած է երաժշտանոցին մէջ, ուր 1981ին ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը։

Կարէն Խաչատրեան հեղինակած է սոնաթներ ջութակի ու դաշնակի եւ թաւջութակի ու դաշնակի, լարային քառեակ մը, չորս համանուագներ, «Պարզ աղջիկը» օփերէթը (1959), «Պատմութեան ակնթարթ մը» օրաթորիոն (1971) եւ, յատկապէս, «Չիփոլինօ» բեմապարը (ballet, 1973), որուն բեմադրութեան համար 1976ին ստացած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը։ Անոր ստեղծագործական վաստակը վառ արտայայտութեամբ ազգային դիմագիծ ունի։ Այդպիսի նմոյշներ են թաւջութակի սոնաթի արիան, որ ներշնչուած է միջնադարեան շարականներու եւ տաղերու գեղեցկութեամբ, եւ թոքաթան, որուն խրոխտ տրամադրութիւնը հայկական ռազմական պարերը կը յիշեցնէ։

Երաժշտութիւն գրած է աւելի քան 40 շարժանկարի համար, ներառեալ՝ «Չիփոլինօ» բազմանկարը (cartoon)։ Հեղինակած է նաեւ երկու ափրիկեան պետութիւններու՝ Զանզիպարի (1964ին մաս կազմած՝ Թանզանիայի) եւ Սոմալիոյ (1972) ազգային երբեմնի քայլերգերը։ 1981ին արժանացած է Ռուսաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, այնուհետեւ՝ բազմաթիւ շքանշաններու, իսկ 2011ին՝ Ռուսաստանի նախագահի պատուոյ գրին։ Կարէն Խաչատրեան մահացած է նոյն տարուան 19 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ։