Սուրբեր

ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՍՈՒՐԲ ԻՇԽԱՆՆԵՐԸ

Այսօր՝ Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ արաբական տիրապետութեան դէմ պայքարած երկու եղբայրներու՝ Սահակ եւ Համազասպ իշխաններու տօնը։ Անոնք ձերբակալուեցան ու դրուեցան քրիստոնէութիւնը ուրանալու կամ մեռնելու երկընտրանքին առջեւ, բայց մերժեցին ուրացումը եւ  նահատակուեցան իրենց հաւատքին ի խնդիր։