Այսօր՝ Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ արաբական տիրապետութեան դէմ պայքարած երկու եղբայրներու՝ Սահակ եւ Համազասպ իշխաններու տօնը, որոնք ձերբակալուելով՝ դրուեցան քրիստոնէութիւնը ուրանալու կամ մեռնելու երկընտրանքին առջեւ։ Անոնք մերժեցին ուրացումը եւ նահատակուեցան իրենց հաւատքին ի խնդիր։
ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՍՈՒՐԲ ԻՇԽԱՆՆԵՐԸ

30
Sep