Հայ լեզուի անկիւնը

ԿՐԱԿԷՆ ՄԻԱՅՆ ԾՈՒԽ Չ՚ԵԼԼԵՐ

Ինչո՞ւ եկեղեցական համայնքը ծուխ կը կոչուի։ Ի՞նչ կապ ունի հրդեհէն բխած ծուխին հետ։

Բառերը ուղղակի եւ փոխաբերական իմաստներ ունին։ Գրաբարի մէջ, ծուխ բառը կրակէն բխած մուխն է, բայց նաեւ «տուն, երդ, ընտանիք» իմաստը ստացած է, քանի ծխնելոյզէն ծուխը ելլելով կը խորհրդանշէ ընտանիքի մը կեանքն ու գոյութիւնը։ Երբ քահանայ մը կը կոչենք ծխատէր, կը նշանակէ, որ այսքան ծուխի (ընտանիքի) կը հովուէր։ Պարսկերէնի մէջ duda բառը թէ՛ «ծխնելոյզ» եւ թէ՛ ընտանիք» նշանակութիւնը ունի, եւ պէտք է այս առնչութեամբ նաեւ յիշել dud («ծուխ») եւ  dudman բառերը («ընտանիք, ազգատոհմ»)։

Հրաչեայ Աճառեան ծուխ բառը կովկասեան լեզուներէ փոխառութիւն նկատած է, ենթադրելով որ եղած է *cux («ծուխ») բառը, որ չէ հասած մեզի, բայց որուն ժառանգներէն է վրացերէն cuxva բառը («ցաւ, տրտմութիւն»)՝ «սրտի ծուխ» փոխաբերական իմաստով։ Ան նաեւ մատնանշած է վերոյիշեալ պարսկերէն dud բառը, որ ո՛չ միայն «ծուխ», այլ նաեւ «տրտմութիւն» կը նշանակէ։

Սակայն, Աճառեանի ժամանակ հազիւ սկսած էր Փոքր Ասիոյ հնդեւրոպական մեռած լեզուներու վերծանումը, որոնց շարքին՝ հիթիթերէնը։ Այսպէս է, որ անոր աշակերտներէն Գէորգ Ջահուկեանը եզրակացուցած է, որ կովկասեան ծագումը կասկածելի է, եւ աւելի հաւանական է, որ ծուխի արմատը հիթիթերէն tuhhu-(ua)i («ծուխ») բառն է, ուր t-էն ծ հնչիւնափոխութիւն եղած է։

Այժմ վերադառնանք վերը յիշուած մուխին։ Որքան որ ենթադրէք, որ մէկ գիրի տարբերութեամբ՝ նոյն ծուխ բառն է, ասիկա լրիւ պատահականութիւն է։ Իրականութեան մէջ, կրակէն ելած գոլորշիին բուն հայկական ծագումով անունը մուխ է, որուն աղբիւրը նախահնդեւրոպական *smukh ձեւն է, որ ծագում առած է *smeukh («ծխել, ծուխ») արմատէն։

Եւ ահա երեւան կու գայ, որ հայերէն մուխ եւ անգլերէն smoke նոյն արմատը ունին…։