Մեր դպրոցներէն

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Շաբաթ, 9 Հոկտեմբերին, «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի (Կլենվիւ, Իլինոյ) աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ ձեռամբ արտահաս հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ նախաճաշ «Շահնազարեան» սրահին մէջ։