Մեր ծուխերէն

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս) հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը ընտանեկան զուարճութեան օր մը կազմակերպած էին։ Գեղեցիկ օր մըն էր բացօթեայ զբօսանքի եւ խաղերու համար՝ ֆութպոլ, պասքէթպոլ, ամերիկեան ֆութպոլ եւ նարտի։ Կը ծրագրուի նման հաւաքոյթները շարունակել յառաջիկային։