Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԵԹՈՒՄ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ (մահ՝ 28 Հոկտեմբեր, 1270)

Հեթում թագաւորը կը մեծարուի մոնկոլներու կողմէ (թագաւորի եղբօրորդիին՝ Հեթում Պատմիչի «Պատմութիւն թաթարաց» գիրքի հին ֆրանսերէն ձեռագրի մանրանկարներէն)

Իր դիւանագիտական կարողութեամբ, Կիլիկիոյ թագաւոր Հեթում Ա. (1226-1269) նկատուած է ժամանակաշրջանի Միջին Արեւելքի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը։ Ֆրանսացի պատմաբան Ռընէ Կրուսէ գրած է. «Պատմութիւնը պէտք է ողջունէ իր մէջ Միջնադարու ամենէն արթնամիտ, ամենէն հզօր քաղաքական հանճարներէն մէկը»։

Հեթում ծնած է 1215ին։ Հայրը՝ Պապեռոնի տէր Կոստանդինը, կիլիկեան ամենահզօր ազնուականներէն մէկն էր, իսկ մայրը՝ Ալիծ Պահլաւունի, Լեւոն Ա. թագաւորի (1198-1219) երրորդ զարմուհին։ Լեւոն Ա.ի մահէն ետք, Կոստանդին անոր անչափահաս աղջկան՝ Զապէլ թագուհիի (1226-1252) խնամակալը դարձաւ։ Զապէլ սկզբնապէս ամուսնացած էր Անտիոքի իշխան Պոհեմոնտ Դ.ի որդիին՝ Փիլիպպոսի հետ։ Սակայն, հայ իշխանները վերջինիս վարած լատինամոլ քաղաքականութեան հակազդած են։ Իբրեւ հետեւանք, Փիլիպպոս բանտարկուած է ու մահացած՝ բանտին մէջ։ Կոստանդին պարտադրած է Զապէլին ամուսնանալ իր որդիին՝ Հեթումի հետ, 14 Յունիս, 1226ին։ Դեռ անչափահաս ամուսինները համատեղ կերպով թագաւորած են։ Անոնք միասնաբար պատկերացուած են կիլիկեան տարբեր դրամներու վրայ։ Ունեցած են ութը զաւակներ՝ ապագայ թագաւոր Լեւոն Բ., Թորոս, Սիպիլ, Ֆիմի, Ռիթա, Մարիա, Ռուբէն եւ Վասակ, որ մահացած է չորս տարեկանին։

Հեթումի եւ Զապէլի գահակալութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մշակութային ու տնտեսական վերելքի շրջան մը եղած է։ Երիտասարդ թագաւորը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է շրջանի քաղաքական բարդ իրադարձութիւններուն մէջ, յատկապէս մոնկոլներու ներխուժման պատճառով։ Երբ 1243ին մոնկոլները մօտեցած են Կապադովկիոյ եւ Կիլիկիոյ սահմաններուն, Հեթում Ա. որոշած է դաշինք կնքել անոնց հետ։ 1247ին իր եղբայրը՝ Սմբատ գունտսթապլը, իբրեւ պատուիրակ ղրկած է մոնկոլական մայրաքաղաքը՝ Կարակորում։ Եօթը տարի ետք, 1254ին, թագաւորը անձամբ ճամբորդած է մինչեւ Մոնկոլիա՝ անցնելով Փոքր Ասիայէն, Մեծ Հայքէն ու Կովկասէն։ Քիչեր կը ճամբորդէին այդ ժամանակ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա։ Այս ճամբորդութեան արժէքաւոր նկարագրութիւնը տուած է պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցի իր «Հայոց պատմութեան» մէջ։

Հայ թագաւորը քաջալերած է ուրիշ խաչակիր տիրակալներ, որ երկկողմանի համաձայնութիւն ստեղծեն մոնկոլներու հետ. միայն իր փեսան՝ Անտիոքի Պոհեմոնտ Զ. իշխանը, իր օրինակին հետեւած է 1259ին։ Կիլիկիոյ ուժերը մասնակցած են մոնկոլներու կողմէ Պաղտատի գրաւման (1258), որով վերջ գտած է արաբական կայսրութիւնը, ինչպէս եւ Հալէպի պաշարման ու Դամասկոսի գրաւման (1260)։

Եգիպտոսի մամլուքները իրենց ուժերը համախմբած եւ ջախջախիչ պարտութեան մատնած են մոնկոլները Սեպտեմբեր 1260ին։ Այս պարտութենէն ետք, մամլուքները թշնամական կեցուածք որդեգրած են Կիլիկիոյ դէմ։ Անոնց յաճախակի ներխուժումներուն հետեւած է ուղղակի յարձակումը՝ 1266ին։ Երբ Հեթում Կիլիկիա կը վերադառնար մոնկոլներէն ստացած օգնական զօրքերով, հայկական բանակը չէ կրցած դիմանալ մեմլուքներու գերակշիռ զօրքերուն եւ պարտուած է Մարիի ճակատամարտին, ուր գահաժառանգ Լեւոն գերի բռնուած է, իսկ եղբայրը՝ Թորոս, զոհ գացած։ Այս աղէտալի պարտութենէն, Ատանա, Տարսոն եւ Այաս քաղաքները աւերուած են, իսկ Սիսը՝ կողոպտուած ու կրակի մատնուած։ Հազարաւոր հայեր ջարդուած են եւ 40.000 հոգի՝ գերեվարուած։

Երկու տարուան դժուար բանակցութիւններէ ետք, Հեթում Ա. յաջողած է ազատել իր որդին 1268ին, որպէս փրկագին տարածքային կարեւոր զիջումներ ընելով եգիպտացիներուն, որոնք նոյն տարին գրաւած են անոր դաշնակից Անտիոքի իշխանապետութիւնը։

Այս ձախողութիւններէն սրտաբեկ, Հեթում Ա. հրաժարած է թագաւորութենէն։ Գահ բարձրացած է իր որդին՝ Լեւոն Բ. (1269-1289)։ Հրաժարեալ թագաւորը կրօնաւոր դարձած է՝ Մակար անունով, մտնելով Դրազարկի վանքը, ուր վախճանած է 28 Հոկտեմբեր, 1270ին։