Սուրբեր

ԱՆԴՐԷԱՍ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

«Առաքեալ» բառը կ՚ակնարկէ Յիսուսի աշակերտներու յատուկ շրջանակին։ Յիսուս իր աշակերտները ընտրած էր, որպէսզի Իրեն ընկերանային՝ Իրմէ սորվելու, Իր ցուցմունքներուն հետեւելու եւ Իր գործը շարունակելու համար։

Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Անդրէաս ու Փիլիպպոս առաքեալներու տօնը։ Անդրէասը գալիլեացի ձկնորս մըն էր եւ Քրիստոսի հետեւորդներու շարքին առաջինը կանչուած՝ իր եղբօր Սիմոնի հետ (այնուհետեւ՝ Պետրոս կոչուած)։ Փիլիպպոսը Պէթսայտայէն էր եւ, առաքեալ դառնալէ ետք, իր հետ բերած էր Նաթանայէլը (այնուհետեւ՝ Բարդուղոմէոս կոչուած)։