Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ԲԱՅՑ ՄԻԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱ՛

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 7 Նոյեմբեր, 2021)

Այսօր՝ Սուրբ Խաչի Վերացման իններորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը Ղուկաս Աւետարանիչէն է (8.49-57)։ Առիթով մը, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը քարոզէր, Յայրոս անունով սինակոկի ժողովրդապետ մը անոր մօտ գալով կը խնդրէ որ բժշկէ իր միամօր դուստրը, որ ծանր հիւանդ էր: Յիսուս երբ կ՚ուղղուի ժողովրդապետի տունը, ճամբան՝ կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութեան հիւանդութենէ կը տառապէր, Իրեն մօտենալով կը բուժուի: Մինչ այդ, Յայրոսի տունէն ծառայ մը գալով կ՚իմացնէ աղջկան մահը: Քրիստոս քաջալերելով սրտաբեկ հայրը, կ՛ըսէ անոր. «Մի՛ վախնար, այլ միայն հաւատա՛ եւ ան պիտի փրկուի»: Յայրոսի տունը հասնելով, Յիսուս կը մխիթարէ սգաւորները, ըսելով, թէ աղջիկը չէ մեռած, այլ կը ննջէ: Ապա, մտնելով սենեակ իր երեք աշակերտներուն եւ ծնողքին հետ, աղջնակին ձեռք բռնելով կ՛ըսէ՝ «Տալիթա՛ կումի», որ կը նշանակէ՝ աղջիկ, ոտքի ելիր: Աւետարանիչը ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէս աղջնակին հոգին դարձաւ, եւ ան անկողինէն ելաւ: Ապա, Յիսուս ծնողքին կը պատուիրէ, որ ուտելիք տան: Այս պատումին մէջ, հրաշքի կողքին մանրամասնութիւններ կը գտնենք, որոնք առաւել եւս կ՛ամրապնեն մեր հաւատքը, մօտեցնելով մեզ Երկնաւոր Վարդապետին։

ա․ Մեր Տիրոջ հաստատումը՝ «Մի՛ վախնար, այլ միայն հաւատա՛ եւ ան պիտի փրկուի»,  ի պատասխան այն տխուր լուրին, թէ աղջնակը մեռած է, իրաւ որ անբնական կը հնչէ, երբ անդարձ կորուստի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Յամենայն դէպս, այս ըմբռնումը հարազատ է միայն անոնց, որոնք մասնակի ծանօթ են դէպքի մը կամ հանգամանքի մը, մինչ անոնք, որոնք համապարփակ գիտութիւն ունին նոյն պարագային, լրիւ տարբեր ձեւով կը մօտենան։ Ասիկա իրականութիւն է  ո՛չ միայն կրօնական հարցերու, այլ նաեւ առօրեայի այլեւայլ  պարագաներու։ Երբ երեխայ մը, աշակերտ մը, պաշտօնեայ մը, հիւանդ մը, եւ այլն տագնապի մը դէմ դիմաց գտնուին, շփոթի կը մատնուին եւ որոշ չափով վախը կը պատէ զիրենք, մինչ ծնողքը, ուսուցիչը, վերակացուն, բժիշկը, եւն․ որոնք աւելի փորձառու եւ քաջածանօթ են տուեալ հարցին, ամբողջութեամբ տարբեր վերաբերում կ՚ունենան։ Ուստի, երբ Յիսուս ամենայն հանդիսաւորութեամբ յայտարարեց՝ «Մի՛ վախնար․․․» , Ան ո՛չ անտեսեց եւ ո՛չ ալ ծաղրի առաւ այնքան լուրջ կացութիւն մը, այլ միայն առաջնորդեց որ ներկաներուն աչքերը բացուին եւ տեսնեն իրենց կարողականութենէն անդին՝ աստուածային ողորմութեան ներկայութիւնը։

բ․ Դարձեալ, Յիսուս տան մէջ լացող ու ողբացողներուն խօսքը ուղղելով, թէ ան մեռած չէ այլ կը քնանայ, նոյն ճշմարտութիւն հաստատեց, թէ այն ինչ որ մարդոց աչքին վերջ կը նկատուի՝  յաւիտենական մեր ճամբորդութեան մեծ պատկերին  մէջ, որ ծանօթ է միայն Աստուծոյ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ  հանգրուան մը այլակերպման։

գ․ Յիսուս Քրիստոս ընդհանրապէս հրաշքները իր խօսքի զօրութեամբ կը գործէր։ Այս պարագային, Ան աղջնակին ձեռքը կը բռնէ եւ ապա կու տայ կենսատու հրահանգը։ Մարդկային հպումը մեծ ազդեցութիւն ու նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ։ Մայր մը, երբ իր քնացած  զաւկին ձեռքը բռնէ ու զայն արթնցնէ, հպումի կողքին խորհրդաւոր ոյժի մը փոխանցումով անոնք կը միանան իրարու։ Նմանապէս, Յիսուս աղջնակին ձեռքէն բռնելով, արտայայտեց աստուածային գուրգուրոտ խնամքը հանդէպ այն, ինչ որ մենք նոյնիսկ դիակ մը կը նկատենք։

դ․ Մեռած անձի մը դիմելով, անոր հետ խօսիլ որպէս ողջի մը, ու ըսել՝ «աղջիկ», մարդկային փորձառութեամբ անհեթեթ է։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս մէկ բառն իսկ մեր ողջ էութիւնը կ՚ողողէ ջերմագոյն զգացումով եւ վստահութեամբ, թէ ողջ ըլլանք կամ «մեռած», Աստուծոյ սիրեցեալ զաւակներն ենք, որովհետեւ ան որ Քրիստոսով կը ննջէ՝ կենդանի է (Ա Թես 4.14) եւ Աստուծոյ յաւերժական խնամքը կը վայելէ։

ե․ «Ոտքի ելի՛ր»։ Մեռածի մը ոտքի ելի՛ր խօսքը ամենայն հաստատակամութեամբ միայն ու միայն կեանքի Աղբիւրը կրնայ արտասանել, շրջելով մեր հոգիի ճամբորդութեան ընթացքը։ Այս մէկը եւս մեզ կը համոզէ ընդունելու, որ Յիսուս Քրիստոս Տէրն է Ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ մեր կեանքին։

Այսօրուան Աւետարանի մեր ընթերցումի պատգամը կարդալ չէ միայն երկու հազար տարի առաջ պատահած հրաշք մը, այլ որպէս Աստուծոյ սիրեցեալ զաւակները՝ աղջիկներն ու մանչերը, խորապէս գիտակցիլ, թէ ինչպէս Աստուածորդին իր ձեռքերը տարածեց խաչափայտին վրայ որպէսզի մե՛զ փրկէ իրաւ մահէն՝ մեղքէն։ Նախքան Իր հոգին աւանդելը, Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ զայն յանձնելով, նաեւ մե՛զ վստահեցաւ Անոր հայրական խնամքին, որպէսզի Իր յաջորդ գալուստին տիեզերահունչ «ոտքի ելէք» հրամանը տայ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով ննջած են ի Քրիստոս Տէր մեր, դիմաւորեն յաւերժական կեանքը,  եւ փառաւորեն Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։