Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԵՒՔԱՐԵՑԻ ՍԱԳՕ (մահ՝ 13 Նոյեմբեր, 1908)

Բուն անունով՝ Սարգիս Ծովանեան, ֆետայական շարժման անձնազոհ դէմքերէն մէկը՝ Սեւքարեցի Սագօ, ծնած է Սեւքար գիւղը (Տաւուշի մարզ, Հայաստանի Հանրապետութիւն), 14 Յունուար, 1870ին։ Երիտասարդ տարիքին, ծանօթացած է Սարգիս Կուկունեանին՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստան առաջին զինեալ արշաւանքին կազմակերպիչը, եւ համագործակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) հետ։ Շուտով կուսակցութեան անդամ դարձած է։

1892ին, Սեւքարեցի Սագօ հաստատուած է Դերիկի վանքը, իրանա-թրքական սահմանին մօտ, դէպի Արեւմտեան Հայաստան ֆետայիներու եւ զէնքերու տեղափոխութիւնը դիւրացնելու համար։ Ան նաեւ կռուած է քիւրտ հարստահարիչներու դէմ։

Յուլիս 1897ին, խումբ մը հեծեալներ գլխաւորած է Խանասորի արշաւանքին ընթացքին։ Այնուհետեւ, հաստատուած է Վաղարշապատ եւ մասնակցած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր Ժողովին (1898), որ զինք ընտրած է Դուրան-Բարձրաւանդակի (Մուշ-Սասուն) Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Ուղարկուած է Արեւմտեան Հայաստան՝ խումբ մը զինակիցներով, բայց Մշոյ դաշտին մէջ ձերբակալուած է թուրք ոստիկանութեան կողմէ եւ բանտարկուած, նախ՝ Մուշի եւ ապա՝ Կարինի մէջ։ Անօգուտ անցած են ջանքերը՝ իբրեւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի ուխտաւոր անցնելու համար։ Դատապարտուած է 101 տարուան բանտարկութեան եւ ապա՝ մահուան, ֆետայական գործունէութեան, Աղբիւր Սերոբի եւ Գուրգէնի հետ նամակագրութեան եւ այլ ապացոյցներու հիմամբ։ Սակայն, ռուսական հիւպատոսարանի բանած ճնշումները պատճառ եղած են, որ Սեւքարեցի Սագօ ուղսրկուի Ռուսաստան, ուր դատուած եւ ազար արձակուած է։

Անձնուրաց ֆետային կազմակերպած է Ղացախ-Շամշադինի պաշտպանութիւնը հայ-թաթարական կռիւներուն ժամանակ (1905-1906)։ Մասնակցած է կուսակցութեան Դ. Ընդհանուր Ժողովին (Վիեննա, 1907), որ որոշած է համագործակցիլ պարսկական սահմանադրական յեղափոխութեան հետ։

Կովկաս վերադարձած ու մեկնած է դէպի Պարսկաստան՝ հեծեալներու խումբի մը գլուխին, բայց ռուս-պարսկական սահմանագլուխին վրայ հիւանդացած է ժանտախտով։ Փոխադրուած է Երեւան, ուր մահացած է 13 Նոյեմբեր, 1908ին ու թաղուած՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնի այժմու տարածքին մէջ։ Սակայն, 1938ին, խորհրդային իշխանութիւնները քանդած են Սեւքարեցի Սագոյի գերեզմանը եւ անոր ճերմակ մարմարէ գերեզմանաքարը տեղափոխած՝ բոլշեւիկ գործիչ Ասքանազ Մռաւեանի գերեզմանին վրայ։

Սեւքարեցի Սագոյի դիմաքանդակը զինք կը յիշէ իր ծննդավայր Սեւքար գիւղին մէջ, իսկ փողոց մը անոր անունը կը կրէ Երեւանի Նոր Արաբկիր թաղամասին մէջ։