Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՍԷՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Դեկտեմբեր, 1882)

Արսէն Տէրտէրեան՝ արդի գրականութեան պատմութեան առաջին մասնագէտներէն արեւելահայութեան մէջ, իր գործունէութիւնը շարունակած է խորհրդային շրջանին, համալսարանական կրթութիւն ջամբելով առաջին շրջանի գրականագէտներու սերունդին։

Տէրտէրեան ծնած է 22 Դեկտեմբեր, 1882ին, Արցախի Շուշիքենդ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Շուշիի մօտերը։ Տարրական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական գիւղին, եւ ապա՝ Շուշիի հոգեւոր ճեմարանին մէջ (1892-1902)։ 1902-1905ին ուսանած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք, մօտ կէս դար նուիրուած է գիտական ու մանկավարժական գործունէութեան։  1905-1907ին գրականութեան պատմութիւն եւ տեսութիւն դասաւանդած է Շուշիի հոգեւոր ճեմարանին, իսկ 1909-1920ին՝ Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ։ 1907-1909ին ուսանած է Փեթերպուրկի հոգե-նեարդաբանական հիմնարկին մէջ, բայց հիւանդութեան պատճառով ուսումնառութիւնը ընդհատած է եւ մեկնած՝ Հայաստան։

Իւրացուցած ըլլալով հոգեբանական դպրոցի սկզբունքները, Տէրտէրեան ծաւալած է գրականագիտական ու քննադատական գործունէութիւն հայ իրականութեան մեջ, առաջինը կիրառելով բանաստեղծութեան, արձակի եւ հրապարակախօսութեան գնահատման մեթոտաբանական տարբեր չափանիշներ: Այդ շրջանին լոյս տեսած են «Վահան Տէրեան. ցնորքի, ծարաւի եւ հաշտութեան երգիչը» (1910), «Միքայէլ Նալբանդեան. ազգութեան հրապարակախօսը» (1910), «Յովհաննես Թումանեան, հայրենի եզերքի քնարերգուն» (1911) եւ այլ աշխատութիւններ:

1920ին Ա. Տէրտէրեան հրաւիրուած է դասաւանդելու Երեւանի նորաստեղծ համալսարանը, ուր հիմնած է հայ գրականութեան ամպիոնը: 1929ին նշանակուած է ամպիոնի վարիչ՝ մինչեւ կեանքի վերջը, եւ 1930ին ստացած է փրոֆեսորի կոչում։ Մեծ ջանք գործադրած է գրականագիտական բարձրորակ կազմ պատրաստելու, հայ գրականութեան պատմութեան ծրագիրները մշակելու եւ դասաւանդութեան գիտական հիմքերը մշակելու։ Աւանդած է թէ՛ արեւելահայ եւ թէ՛ արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած դասընթացքներ։

1940ին Տէրտէրեան արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 1943ին՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճանին, առանց աւարտաճառի պաշտպանութեան։ 1943ին նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հիմնադիր անդամ եղած է։

Ա. Տէրտէրեանի կարեւոր մենագրութիւններէն են՝ «Շիրվանզադէ. հայ ինտելիգենտի եւ ընտանիքի վիպասանը» (1911), «Աբովեանի ստեղծագործութիւնը» (1941, 1947), «Հայ կլասիկներ» (1944), «Շիրվանզադէի գրական տիպերի հանրագիտարան» (1959), «Վալերի Բրիւսովը եւ հայ կուլտուրան» (1944), «Պերճ Պռօշեան» (1955) եւ այլն:

Մահացած է 6 Հոկտեմբեր, 1953ին, Երեւանի մէջ: