Լուրեր

Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՄԲԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԳ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ  

Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), նաեւ կարեւոր գործունէութիւն ունի իբրեւ նուագավար։ Անցեալ 25 Նոյեմբերին, ան ելոյթ ունեցած է վարելով London Mozart Players նուագուխմբը անգլիական մայրաքաղաքի երաժշտական լաւագոյն սրահներէն մէկուն՝ St. John’s Smith Squareի մէջ։ Նուագախումբը ներկայացուցած է Մոցարթի, Մենտելսոնի եւ Պէթհովէնի գործեր։ Համերգին տեսագրութիւնը եւ այլ յարակից նիւթերը յառաջիկայ Փետրուարին տրամադրելի պիտի ըլլան նուագախումբի կայքէջին մէջ։

Տ. Պետրոս իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ՝ խմբավարի մասնագիտութեամբ, եւ ապա Ս. Փեթերպուրկի երաժշտանոցին մէջ՝ նուագավարի մասնագիտութեամբ։  Անոր նուագավարի ձիրքերը մեծապէս գնահատուած են միջազգային մամուլին կողմէ։