Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ՝ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՈՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ

Երկուշաբթի, 25 Դեկտեմբերին, Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Ստեփանոսի՝ առաջին սարկաւագին ու նախավկային տօնը։

Քրիստոսի համբարձումէն ետք, առաքեալները սկսան Աւետարանը տարածել։ Շուտով յայտնի եղաւ, որ եկեղեցական աճող համայնքին ծառայող աւելի մեծ թիւով մարդոց կարիքը կար։ Եօթը արժանի անձեր ձեռնադրուեցան իբրեւ օժանդակներ եւ ստացան «սարկաւագ» անունը։ Այս եօթնեակէն ամենէն արժանին՝ Ստեփանոսն էր, որ ներկայացուած է իբրեւ «հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը» (Գործք 6.5)։ Ստեփանոս դարձաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակը, որուն պատճառով «նախավկայ» կը կոչուի (վկայ՝ «նահատակ» իմաստով)։ Անոր կեանքին ու մահուան մասին միակ տեղեկութիւնները կը գտնուին Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ (Գործք 6.8- 8.2)։ Ս. Ստեփանոսի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդական ու կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է։ Այդ օր բոլոր սարկաւագները կը մեծարուին։

«Որ ընտրեցար ի կոչումն, առաքելական քարոզութեանցն արժանաւոր լինելով Սուրբ Ստեփանոս. բարեխօսեա՛ առ Քրիստոս վասն անղանց մերոց։

Որ խնդրեցեր զթողութիւն ի վերայ քո քարաձիգ ժողովոյն Սուրբ Ստեփանոս. եւ այժմ վասն քո ուխտաւորացս աղաչեա՛ զընդ աջմէ հօր նստեալն։

Որ արժանի եղեր զմարտիրոսականն առնուլ պսակ նախդ ի վկայս, առ պսակիչն սրբոց եւ վասն մեր բարեխօսեա՛։

(Դուն որ ծառայելու ընտրուեցար, առաքելական քարոզութեան արժանի ըլլալով, Սուրբ Ստեփանոս, բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեզի համար։

Դուն որ թողութիւն խնդրեցիր քեզ քարկոծողներուն համար, Սուրբ Ստեփանոս, այժմ քու անունովդ ուխտաւորներուն համար աղաչէ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը Բազմողին (Քրիստոսին)։

Դուն որ արժանի եղար մարտիրոսութեան առաջին պսակը ստանալու բոլոր նահատակներուն մէջ, բարեխօսէ՛ սուրբերը պսակողին մօտ մեզի համար)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *