Կիրակի, 2 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նոր տարուան անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիին (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքրթ)։ Սրբազան Հայրը նախքան իր քարոզը ըսաւ. «Փափաքելով փափաքեցայ, որ այս Կիրակի աղօթակից ըլլամ ձեզի, որովհետեւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիէն ետք Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին Թեմիս հնագոյն գաղութն է, որ 97 տարիներու ծառայութեամբ վառ պահած է Հայ հաւատքը, ինքնութիւնը, մշակոյթն ու ընկերային կեանքը։ Եւ ահա այսօր եկած եմ անձամբ խոնարհելու այդ սքանչելի զոհաբերութեան առջեւ»։ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ օրուան Աւետարանի ընթերցումը վերակենդանացուց, կապելով մերօրեայ կեանքին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հովիւին՝ Արժպ. Տէր Կարապետին, Հոգաբարձութեան եւ յարակից Մարմիններու տքնաջան նուիրուածութիւնը, մանաւանդ համավարակի այս տագնապի ընթացքին, եւ մաղթեց որ գաղութը ամենայն պատշաճութեամբ իր հարիւրամեակը տօնախմբէ բնականոն պայմաններու տակ։