Առաջնորդարանէն

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, Յունուար 6ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք։ Նախքան իր հոգեւոր խօսքը, Սրբազան Հայրը հաղորդեց Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հայրական ողջոյնները Թեմիս ընդհանուր կառոյցին մաս կազմող հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Երեսփոխանական Ժողողին, Ազգային Վարչութեան, Հոգաբարձութեանց եւ յարակից Մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց եւ համայն ժողովրդեան։ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատելով գաղութիս դերակատարութիւնը առ հասարակ համայն հայութեան կեանքէն ներս, կը մաղթէր քաջառողջութիւն, բարօրութիւն եւ յառաջդիմութիւն, մանաւանդ 2022 տարուան ամբողջ ընթացքին, զոր հռչակած է Սփիւռքի տարի։

Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց վերակենսաւորումի կարեւորութիւնը,  ծնեալ Նոր Արքան դարձնելով մղիչ ներոյժը մեր անձնական թէ հաւաքական աշխատանքներուն (ստորեւ կարդալ լման բնագիրը)։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան առթիւ, տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ» աղօթական մաղթանք դարձած երգը միասնաբար երգեցին, մաղթելով որ համավարակի ձմեռը միանգամընդմիշտ հեռանայ, տեղի տալով բարեբեր գարնան։  Ապա «Խորհուրդ Մեծ» շարականի աւետիսով զիրար ողջունեցին։

Պրն. Ալպէր Գէորգեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան եւ պրն. Արմէն Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ

Արարողութեանց աւարտին, «Բաշալեան» սրահին մէջ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու գործակցութեամբ  մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի անձնուէր ծառակութիւնը, մանաւանդ արհաւիրքի այս երկամեայ  շրջանին։ Վեր առաւ բարեպաշտ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը, որ առանց ընդհատելու Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան օղակը, Սուրբ Պատարագին մասնակից դարձած էր իր ներկայութեամբ։ Նաեւ գնահատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մօտ մշտական ներկայացուցիչի օգնական՝ տիար Ալպէր Գէորգեանի մասնակցութիւնը Տէրունական այս տօնին առթիւ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ հայրենի իշխանութիւնն ու ժողովուրդը աստուածապարգեւ հայ հաւատքի ուղիով ընթանան մեր ազգի գոյութեան  սպառնացող  ներկայ իրադարձութեանց դիմաց, եւ սփիւռքեան իրականութեան հետ գործակցաբար կառուցեն նոր հորիզոններու սեմին։