Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:13-21

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր, չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր, արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:

Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

 

Ա. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 4:12-5:10

Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ օրինակ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ: Մինչեւ գալս հոգ տար իրենց՝ Աստուծոյ խօսքէն կարդալով, յորդորելով զիրենք եւ սորվեցնելով: Անփոյթ մի՛ գտնուիր այն շնորհքին նկատմամբ, որ մարգարէական հոգիով քեզի տրուեցաւ, երբ երէցները ձեռք դրին քու վրադ: Այս ըսածներուս մասին խորհէ եւ զանոնք գործի վերածելու աշխատէ, որպէսզի ամէն մարդ յայտնապէս տեսնէ քու յառաջդիմութիւնդ: Ուշադիր եղիր՝ թէ՛ դուն քեզի եւ թէ՛ սորվեցուցածիդ, եւ միշտ ալ այդպէ՛ս մնա, գիտնալով որ այդ ձեւով ո՛չ միայն ինքզինքդ կը փրկես, այլ նաեւ բոլոր քեզ լսողները:

 

Երբեք խստութեամբ մի՛ յանդիմաներ ծեր մէկը, այլ՝ մեղմութեամբ յորդորէ զայն, ինչպէս հօրդ պիտի ընէիր: Երիտասարդները եղբօրդ տեղը սեպէ, պառաւները՝ մօրդ, իսկ երիտասարդուհիները քրոջդ տեղը դիր եւ ամենայն մաքրութեամբ մօտեցիր անոնց: Պատուէ եւ խնամէ ա՛յն այրիները՝ որոնք իսկապէս որբեւայրի են: Իսկ երբ այրի մը զաւակներ ու թոռներ ունի, պէտք է անո՛նք նային իրեն, որպէսզի սորվին բարեպաշտութիւնը նախ տան մէջ կիրարկել՝ ծնողներէն իրենց տրուած խնամքին փոխարէն հոգ տանելով անոնց, որովհետեւ Աստուծոյ համար ա՛յդ է իրաւ եւ ընդունելի բարեպաշտութիւնը: Իսկական այրին ան է՝ որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշերցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կ’անցընէ իր ժամանակը: Իսկ հանգստութիւն ու վայելք փնտռող այրին կենդանի մեռած մըն է արդէն: Այնպիսիներուն այս պատուէրները տուր, որպէսզի անարատ ըլլան: Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը: Այրի սեպէ միայն այն կիները՝ որոնք վաթսունը անց են, մէկ անգամ ամուսնացած, եւ բարի գործերով վկայուած են, այսինքն՝ զաւակներ մեծցուցած, հիւրասէր եղած, ճամբորդ հաւատացեալներուն խոնարհաբար ծառայած, նեղութեան մէջ եղողներուն օգնած, եւ իրենք զիրենք ամբողջութեամբ բարեգործութեան տուած են: