Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ՎԱՀԱՆ ԳՈՂԹՆԱՑԻ

Երեքշաբթի, 24 Յունուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Վահան Գողթնացիի տօնը։ Վահան Գողթնի իշխանի որդին էր։ Չորս տարեկանին առեւանգուած էր արաբներուն կողմէ ու մեծցած՝ Դամասկոսի արքունիքին մէջ, ուր բռնի կրօնափոխ եղած էր։ Վահան քրիստոնէական իր ծագման վերահասու էր, եւ փափաքած է Հայաստան վերադառնալ երբ Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսը համաձայնութիւն մը կնքած է արաբ էմիրին հետ՝ գերի պահուող շատ մը հայեր հայրենիք վերադարձնելու համար։ Տասը տարի հայրենիքի մէջ խաղաղօրէն ապրելէ ետք, արաբական արքայական ընտանիքը փորձած է զինք ետ բերել, բայց Վահան մերժած է։ Ուխտագնացութենէ մը ետք, ան ձերբակալուած ու բանտարկուած է, չարչարուելով ու նահատակուելով 737 թուականին։