Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ

Շաբաթ, 29 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան Հայրապետի տօնը։ Ան նաեւ ծանօթ է Ս. Գրիգոր Նազիանզացի անունով եւ կը համարուի Արեւելեան Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն մէկը։ Նազիանզոսի (Կապադովկիա) եպիսկոպոսի որդին էր եւ մեծ հռետոր։ Անոր հինգ աստուածաբանական ճառերը հաւատքի հզօր հաստատումներ էին, որոնք ուղղափառութեան խօսուն պաշտպանութիւնը կատարած են։ Ան արժանացած է «Աստուածաբան» տիտղոսին։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ ու նամակներ, եւ Ս. Բարսեղի հետ կազմած է Եկեղեցւոյ հայրերէն Որոգինէսի (184-253) գրութիւններու հաւաքածոյ մը։