Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՆՑ ԱԿՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀՈԳԱԼ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՈՒՏԵԼԻՔԸ

Ուրբաթ, 21 Յունուարի երեկոյեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) Արանց ակումբը, 20րդ անգամ ըլլալով, ուտելիք հայթայթած է կարիքաւորներու՝ Providence Rescue Missionի մէջ։ Մարդասիրական այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է Մարտ 2020ին։ Ընթրիքը հովանաւորած են Տորոթի եւ Թերընս Մարիեսեան՝ ի յիշատակ Ալպըրթ Աշըգեանի։