Սուրբեր

ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷ

Ուրբաթ, 3 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Յովնան մարգարէի յիշատակը, որ 12 մարգարէներ անունով ծանօթ դասակարգումին մաս մը կազմէ։ Այս մարգարէները նուազ կարեւոր չեն, քան Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ եւ Դանիէլ մարգարէները, բայց անոնց գիրքերը աւելի կարճ են։

Յովնանի եւ կէտ ձուկին պատմութիւնը Հին Կտակարանի ամենածանօթ պատմութիւններէն մէկն է։  Յովնանի տօնը կը զուգադիպի Առաջաւորաց պահքի վերջին օրուան, եւ չորս օրերու ընդհատումով, վաղուան ընթերցումը Յովնանի ամբողջ գիրքն է։ Ինչպէս Նինուէի ժողովուրդը ծոմ պահեց ու զղջաց իր չարագործ վարքէն, միեւնոյն ձեւով Աստուծոյ ժողովուրդը կը պահէ Մեծ Պահքին նախորդող հնգօրեայ այս պահքը։