Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՈՐԴԻՆԵՐՆ ՈՒ ԹՈՌՆԵՐԸ

Շաբաթ, 5 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն ու թոռներուն՝ Արիստակէսի, Վրթանէսի, Յուսիկի, Գրիգորիսի եւ Դանիէլի տօնը (Դանիէլ արիւնակցական կապ չունէր, բայց Ս. Գրիգորի ականաւոր աշակերտ մըն էր)։ Բոլորն ալ շարունակած են Ս. Գրիգորի գործը, Քրիստոսի խօսքը տարածելով վտանգաւոր պայմաններու մէջ։

Գրիգոր երկու որդի ունէր՝ Արիստակէս եւ Վրթանէս։ Կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը, իր հօրը յաջորդեց իբրեւ Կաթողիկոս։ Ան մասնակցեցաւ Նիկիոյ առաջին ընդհանրական ժողովին (325)։ Նիկիոյ հանգանակը՝ «Հաւատամքը», որ մինչեւ օրս Ս. Պատարագի ընթացքին կ՚արտասանենք, բանաձեւուած է այս ժողովին։ Արիստակէս Կաթողիկոս նահատակուեցաւ 333 թուականին շուրջ։ Վրթանէս, որ այդ ժամանակ աւելի քան 70 տարեկան էր, յաջորդած է Արիստակէսին եւ ութը տարի գահակալած է իբրեւ կաթողիկոս մինչեւ մահը։ Ունեցած է երկու որդի՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Գրիգորիս քարոզած է Վրաստանի եւ Աղուանքի մէջ (մերօրեայ Ատրպէյճան), ուր եւ նահատակուած է։ Թէեւ հոգեւորական չէր, Յուսիկ կաթիկոսական աթոռին կոչուած է ու նահատակուած՝ 347ին։ Դանիէլ կը խմբուի որդիներուն ու թոռներուն հետ՝ նկատի ունենալով անոր մտերիմ յարաբերութիւնը ընտանիքին հետ։ Ան ընտրուած է յաջորդելու Յուսիկին, բայց երբեք չէ ծառայած, քանի որ նահատակուած է 348 թուականին։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ծոռներուն՝ Ս. Ներսէս Մեծի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի տօները առանձին օրերու կը նշուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողմէ։