Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՈՐԴԻՆԵՐՆ ՈՒ ԹՈՌՆԵՐԸ

Շաբաթ, 29 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին հաւաքաբար կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն ու թոռներուն տօնը։ Անոնք են՝ Ս. Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ եւ Գրիգորիս, ինչպէս եւ Դանիէլ, որ թէեւ ազգականական կապ չունէր, բայց աչքառու եւ սիրուած աշակերտ մըն էր։ Բոլորը շարունակած են Ս. Գրիգորի գործը՝ Քրիստոսի խօսքի քարոզութեամբ, իրենց սեփական անձը վտանգի ենթարկելու գնով։

Գրիգոր երկու որդի ունէր՝ Արիստակէս եւ Վրթանէս։ Կրտսեր որդին՝ Արիստակէսը, իր հօրը յաջորդեց իբրեւ Կաթողիկոս եւ նահատակուեցաւ 333 թուականին շուրջ։ Ան ներկայացուցած էր Հայ Եկեղեցին Նիկիոյ առաջին ընդհանրական ժողովին (325)։ Մինչեւ օրս Ս. Պատարագի ընթացքին հռչակուող Նիկիոյ հանգանակը գրուած ու որդեգրուած է այս ժողովին։ Վրթանէս, որ այդ ժամանակ աւելի քան 70 տարեկան էր, յաջորդած է Արիստակէսին եւ ութը տարի գահակալած է իբրեւ կաթողիկոս մինչեւ մահը։ Վրթանէս ունեցած է երկու որդի՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Գրիգորիս քարոզած է Վրաստանի եւ Աղուանքի մէջ (մերօրեայ Ատրպէյճան), ուր եւ նահատակուած է։ Թէեւ հոգեւորական չէր, Յուսիկ կաթիկոսական աթոռին կոչուած է ու նահատկուած՝ 347ին։ Դանիէլ կը խմբուի որդիներուն ու թոռներուն հետ՝ նկատի ունենալով անոր մտերիմ յարաբերութիւնը ընտանիքին հետ։ Ան ընտրուած է յաջորդելու Յուսիկին, բայց երբեք չէ ծառայած, քանի որ ան ան նահատակուած է 348 թուականին։

Աւելցնենք նաեւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռներն են նաեւ Մեծն Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետները, որոնց տօնը առանձին կը նշուի։